ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ռուս-վրացական հակադրութիւններու ենթախորքին վրայ՝ վրացական հասարակութեան մէջ կ՛ընդհանրանայ ռուսական ծաւալապաշտական վտանգի իրաւացի կամ անիրաւ վարկածը, մինչ ուղղափառ Վրաստանի համար ստոյգ վտանգ յարուցողը իսլամ Թուրքիան է, որ կը փոխէ Վրաստանի Աճարիոյ հանրապետութեան ցեղային-կրօնական դիմագիծը:
Արդարեւ, Թուրքերը սկսած են աշխուժօրէն իրենց ցեղակիցներով բնակեցնել Աճարիան: Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ Պաթումի 150,000 բնակիչներէն 30 հազարը թուրքեր են:
Անոնք գնած են լաւագոյն հողերուն 70 տոկոսը եւ մեծ ենթակառոյցները՝ օդակայան, թուային կապերու կեդրոններէն մէկը եւ այլն: Թուրքերը ընտանեօք կը հաստատուին Աճարիա, կը գնեն բնակարաններ եւ կը վերակառուցեն մզկիթներ:
Էրտողանի նոր-օսմանական ծրագիրներուն մէջ Աճարիան ունի իւրայատուկ տեղ, որովհետեւ անիկա դէպի Վրաստան, Կովկաս եւ ատրպէյճանաբնակ Քուէմօ-Քարթլի տանող դարպասն է:
Թիֆլիս Անգարայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ստիպուած է նկատի ունենալու նաեւ թրքական գործօնը: Թուրք-ատրպէյճանական զոյգը տնտեսական ծաւալապաշտութիւն կը կատարէ Վրաստանի մէջ՝ զայն վերածելով Անգարայի եւ Պաքուի շահերուն սպասարկող միջանցքի եւ Թիֆլիսը հետզհետէ կախեալ դարձնելով իրմէ:
Վրաստանի մէջ կը բնակի կէս միլիոնի հասնող ատրպէյճանական համայնք մը, որ Պաքուի ձեռքին՝ ժողովրդագրական ազդեցութեան լծակ է:
Պաքու նաեւ ներդրումներ կը կատարէ ատրպէյճանցիներով բնակեցուած շրջաններուն, յատկապէս՝ Քուէմօ-Քարթլիի մէջ, որպէսզի տեղւոյն ատրպէյճանցիները չարտագաղթեն եւ կապ պահպանեն Ատրպէյճանի հետ. այդ նպատակով կը կառուցուին մզկիթներ, որպէսզի այդ բնակչութեան մէջ պահպանուի թրքական, իսլամական գաղափարախօսութիւնը, անհրաժեշտ պահուն զայն օգտագործելու համար թէ՛ Քուէմօ-Քարթլիի հայերուն դէմ եւ թէ Հայաստանի Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն դէմ, նկատի ունենալով, որ ատրպէյճանաբնակ նշեալ շրջանները սահմանակից են այդ մարզերուն:
Թուրք-ատրպէյճանական զոյգը կը փորձէ հզօրացնել թրքական գործօնը նաեւ հայաբնակ Ջաւախքի մէջ, օգտագործելով այնտեղէն հայերու արտագաղթի հանգամանքը:
Այդ տարածաշրջանի կրօնական–ցեղային դիմագիծի փոփոխութիւնը պէտք է մտահոգէ Վրաստանը, ի տես իր հարաւային սահմաններու երկայնքին՝ Պաթումէն մինչեւ վրաց–ատրպէյճանական սահման թրքական միջանցքի ստեղծման եւ անկէ բխելիք ենթադրելի հետեւանքներուն:
Թրքական այդ միջանցքը կ՛երկարի Հայաստանի հիւսիսային սահմաններով եւ անիկա նոյնպէս պէտք է մտահոգէ Երեւանը. արդարեւ, այս երեւոյթը սպառնալիք է Հայաստանի ազգային ապահովութեան եւ կապերուն։