ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Սակաւարիւնութիւն» բժշկականօրէն կը նշանակէ արեան տկարութիւն եւ մասնաւորապէս արեան կարմիր գնդիկներու ու արեան ներկանիւթի (hemoglobin) նուազում:
Սակաւարիւնութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ պատճառներով.
Ա. Կարմիր գնդիկներու կորուստ-արիւնահոսութիւն.
Անիկա կը պատահի հետեւեալ պատճառներով՝ դաշտան, դաշտանային խանգարումներ, հարուած եւ վիրաւորում, վիրաբուժական գործողութիւններ, քաղցկեղ եւ խոց (ulcer), վատորակ ուռեր, հանգրիճաւոր երակներու (varicose veins) յառաջացում եւ թութք (hemorrhoids):
Արիւնահոսութիւն տեղի կ՛ունենայ մարմինի զանազան օրկաններու մէջ՝ ականջ, բերան, քիթ, կոկորդ, որկոր, ստամոքս, բարակ եւ հաստ աղիքներ, երիկամ, միզապարկ, շագանակագեղձ, խռ-չափող, շնչափող, թոքեր, թոքերու ցնցուղներ (bronchi) եւ ցնցղիկներ (bronchioles), ուղեղ, արգանդ, ձուարան (ovary), արգանդավիզ (cervix), հեշտոց (vagina):
Բ. Արեան կարմիր գնդիկներու բնականէն աւելի կործանում եւ կանխահաս կործանում.
Գ. Կարմիր գնդիկներու անբաւարար արտադրութիւն ոսկրածուծի ձախողութեամբ եւ անբաւարար ու յոռի գործունէութեամբ.
Դ. Աղիքներու մակերեսէն երկաթի ներծծման նուազում, որ կը յառաջանայ ստամոքսի հատումով (gastrectomy) եւ բարակ աղիքներու յոռի աշխատանքով.
Ե. Յոռի սննդառութիւն՝ երկաթի, B12 կենսանիւթի եւ տերեւաթթուի (folic acid) նուազում սննդանիւթերու մէջ, որոնք խիստ կարեւոր են արեան ներկանիւթի կազմութեան եւ արտադրութեան համար.
Զ. B12 կենսանիւթի անբաւարար ներծծում ստամոքսային հիւանդութիւններու պատճառով.
Է. Արեան ներկանիւթի անբաւարարութիւն եւ կառուցուածքային թերութիւններ.
ա. Մահիկաձեւ-մանգաղաձեւ (sickle cell) սակաւարիւնութիւն, որ կը յատկանշուի անբնական ներկանիւթով եւ մահիկաձեւ կարմիր գնդիկներով.
բ. Ծովարիւնութիւն (Thalassemia) կոչուած հիւանդութիւն, որ ընդոծին եւ ժառանգական սակաւարիւնութիւն մըն է.
Ը. Կարմիր գնդիկներու ընդոծին թերութիւններ եւ բջիջապատեանի (cell membrane) տկարութիւն եւ յոռի կազմուածք, օրինակ՝ արիւնալուծային (hemolytic) սակաւարիւնութիւն: Այս պարագային, կարմիր գնդիկները կը բացուին, կը կորսնցնեն իրենց առանձնայատկութիւնը եւ կը դառնան անգործօն: Այս թերութիւնները կրնան ըլլալ ժառանգական կամ արդիւնքը՝ կարգ մը դեղերու գործածութեան:
Թ. Արեան քաղցկեղային հիւանդութիւններ, օրինակ՝ սպիտակարիւնութիւն (leukemia).
Ժ. Աւշագեղձերու քաղցկեղ (lymphoma).
ԺԱ. Ոսկրածուծի քաղցկեղ.
ԺԲ. Մարմնական ընդհանուր երկարատեւ եւ հիւծիչ հիւանդութիւններ՝ բորբոքումներ եւ քաղցկեղ.
ԺԳ. Երիկամային հիւանդութիւններ, երբ erythropoietin-ի արտադրութիւնը կը նուազի.
ԺԴ. Ալքոլի երկարատեւ գործածութիւն, որ պատճառ կը դառնայ յոռի սննդառութեան.
ԺԵ. Որոշ դեղեր, որոնք կը գործածուին հետեւեալ հիւանդութիւններու պարագային՝ քաղցկեղ, մարդկային վարակամերժութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV – Human Immunodeficiency Virus ), ձեռքբերովի վարակամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS – Acquired Immunodeficiency Syndrome) եւ ճահճատենդ (malaria) վարակիչ տենդային հիւանդութիւն.
ԺԶ. Միջատասպան եւ կարգ մը հակասնկային դեղեր:
Սակաւարիւնութիւնը կը յայտնուի երեք դասակարգումով՝
- Մանրաբջիջային (microcytic)
- Բնաչափաբջիջային (normocytic)
- Ծաւալաբջիջային (macrocytic)
Մանրաբջիջային սակաւարիւնութիւնը կը յատկանշուի բնականէն աւելի մանր կարմիր գնդիկներով: Անիկա կը յառաջանայ արեան ներկանիւթի երկաթին անբաւարարութեան պատճառաւ, որ տեղի կ՛ունենայ կենսանիւթերու անբաւարարութեամբ, որոնց հետեւանքով կը յառաջանայ վտանգաւոր սակաւարիւնութիւնը (pernicious anemia):
Սակաւարիւնութիւնը կրնայ ըլլալ սուր կամ երկարատեւ-մնայուն:
Սուր սակաւարիւնութիւնը կը պատահի արագօրէն, իսկ երկարատեւ-մնայունը կը յառաջանայ դանդաղօրէն երկար ժամանակամիջոցի մէջ:
Սակաւարիւնութիւնը կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով՝ յոգնածութիւն, ուժասպառութիւն, տժգունութիւն, արեան ճնշումի նուազում, պաղ եւ խոնաւ մորթ (clammy skin), շնչահեղձութիւն, գլխապտոյտ, գլխացաւ, սրտի արագ բաբախում, կրծքացաւ, սրտի կաթուած (MI – myocardial infarction), նուաղում, մարմնի օրկաններու գործունէութեան փլուզում/փլանք (shock) եւ փայծաղի (spleen) ծաւալում:
Սակաւարիւնութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցառումներով.
- Արեան զանազան տեսակի քննութիւններ, մասնաւորապէս՝ կարմիր գնդիկներու, երկաթի եւ ներկանիւթի.
- Կղկղանքի (feces, stools) եւ մէզի քննութիւն.
- Օրկանական զանազան տեսակի քննութիւններ՝ դիտումներ եւ նկարահանումներ։
Սակաւարիւնութեան դարմանումը կը կատարուի համաձայն ախտապատճառներուն եւ սակաւարիւնութեան տարողութեան:
Կը կիրարկուին հետեւեալ դարմանամիջոցները՝ երկաթի տերեւաթթուի եւ B12 կենսանիւթի գործածութիւն, արեան փոխներարկում, բարդութիւններու դարմանում, ախտապատճառներու հիմնական դարմանում եւ առողջապահական սննդականոնի գործադրութիւն:
Յառաջացած եւ սուր սակաւարիւնութեան պարագային, հիւանդը կ՛ենթարկուի շտապ դարմանումի՝ կը կատարուի արեան փոխներարկում եւ կը կանոնաւորուին հիւանդին սրտանօթային եւ շնչառական համակարգերը։