ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետական ծերակուտականներու հետ, քննարկելու Թուրքիոյ վերաբերող շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Ռուսիայէն գնուած «Էս. 400» հակաօդային համակարգերու պարագան, կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Դռնփակ հանդիպումին մասնակցեցան 45 ծերակուտականներ: Քննարկուեցաւ Թուրքիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը:
«Հիւրրիեթ»ը կը հաղորդէ, որ 90 վայրկեան տեւած ժողովին մասնակցող ծերակուտականներուն շարքին էին՝ Միչ ՄըքՔանըլ, Լինզի Կրեհեմ, Թետ Քրուզ, Ռենտ Փօլ, Մարքօ Ռուպիօ եւ Թատ Եանկ:
Թրքական մամուլը 25 Յուլիսին, հանդիպումին մասին հաղորդեց որոշ մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց, ծերակուտականներուն մեծ մասը պահանջած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառել, մինչ Թրամփ կրցաւ համզել անոնց, որ յաւելեալ ժամանակ տրամադրեն իրենց, հարցը Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին հետ քննելու համար։ Առ այդ, յետաձգուեցաւ պատժամիջոցներ պարտադրելու որոշումը։ Ըստ աղբիւրի մը՝ Թրամփ սուր վիճաբանութիւն ունեցաւ ծերակուտականներէն մէկուն հետ:
Ըստ միջազգային եւ թրքական մամուլին՝ Թրամփ կողմնակից չէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելուն եւ դժգոհութեամբ ընդունած էր Թուրքիան «Էֆ. 35» օդանաւերու ծրագիրէն դուրս դնելու որոշումը։