ԹԻՖԼԻՍ.- Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Թիֆլիսի կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսին ընդունուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէի կողմէ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցերու: Կողմերը համոզուած են, որ ապագայ աշխոյժ համագործակցութիւնը կը նպաստէ երկու դրացի եւ բարեկամ պետութիւններուն միջեւ շարք մը ուղղութիւններով յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման:
Մնացականեան եւ Պախթածէ գոհունակութեամբ ընդգծեցին առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը: Անոնք նշեցին, որ այդ կապերուն փոխշահաւէտ ձեւով աշխոյժ զարգացման համար անհրաժեշտ է միասնաբար ջանքեր գործադրել՝ մեծ ներուժի օգտագործման ուղղութեամբ: Այս կը ներառնէ նաեւ տարածաշրջանային նոր ծրագիրներու խթանումը:
Մնացականեան եւ Պախթածէ դրական գնահատեցին միջազգային կառոյցներու մէջ եւ բազմակողմանի այլ հարթակներու վրայ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Կողմերը Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10ամեայ յոբելեանի առիթով կարծիքներ փոխանակեցին այդ նախաձեռնութեան ապագայ տեսլականին եւ այդ ձեւաչափին մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող քայլերուն շուրջ:
Վրաստանի վարչապետը եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ: Անոնք շեշտեցին տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան անհրաժեշտութիւնը ու այս ուղղութեամբ Երեւան-Թիֆլիս ապագայ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին նաեւ վիրահայ համայնքին կամրջող դերը երկու բարեկամ ժողովուրդներուն առաւել մերձեցման եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցին մէջ:
Նախարարը Վրաստանի իշխանութիւններուն յայտնեց իր երախտագիտութիւնը՝ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերմունքին համար:
Ինչպէս արդէն փոխանցած էինք՝ Զօհրապ Մնացականեան Թիֆլիսի մէջ բանակցութիւններ վարեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանիի հետ: Երկու նախարարները անդրադարձան Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան վերաբերեալ զանազան հարցերու: Նախարարները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու: Մնացականեան այս ամբողջին մէջ իր պաշտօնակցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի պարագային Հայաստանի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը: Անոնք ընդգծեցին, որ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի:
Բանակցութիւնները ամփոփելու նպատակով երկու նախարարները Թիֆլիսի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը:
Մնացականեան Թիֆլիսի մէջ այցելեց նաեւ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցին, ուր հանդիպեցաւ վիրահայ համայնքէն ներկայացուցիչներու հետ: