ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Նէյշըն».- Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութեան գլխաւոր հրամանատար զօր. Քենեթ ՄըքՔենզի այս շաբթուան սկիզբը այցելեց հիւսիսային Սուրիա:
ՄըքՔենզի Հասաքէ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցաւ քիւրտերու հակակշիռին տակ գտնուող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտիի հետ: Անոնք քննարկեցին սահմաններուն վրայ զարգացումներուն եւ ապահովութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ապտի վերջերս զգուշացուցած էր, որ Թուրքիոյ կողմէ Եփրատի արեւելեան ափի շրջաններուն դէմ յարձակումի պարագային, ամբողջ սահմանային շրջանը պիտի վերածուի պատերազմի դաշտի: