ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ 23 Յուլիսին, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընթացք տուին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «ապահով գօտի» մը ստեղծելու շուրջ բանակցութիւններուն, կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը:
Երկօրեայ այցելութեամբ Անգարա հասած Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցերու յատուկ պատուիրակ Ճէյմզ Ճեֆրի հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ, որ յայտարարեց, թէ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ ծրագրուած «ապահով գօտի»ն պէտք է միասնաբար եւ համակարգուած ձեւով հաստատուի Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ Աքար յայտնեց, թէ Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան կեդրոնները պէտք է քանդուին եւ անոնց ծանր զէնքերը պէտք է անյապաղ հաւաքուին: Ան պնդեց, որ Թուրքիա շրջանին մէջ որոշ ազգային կամ կրօնական խումբի մը դէմ չի պայքարիր, այլ՝ «Քիւրտիստանի բանուրական կուսակցութեան եւ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն դէմ»՝ աւելցնելով, որ «սուրիացի գաղթականներուն տունդարձի պայմաններ պէտք է ստեղծուին»:
Աքար նաեւ փոխանցեց, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավարներուն եւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն միջեւ հանդիպումները «կը զայրացնեն Թուրքիան»: