ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արման Գրիգորեանի «Կեցցէ Յեղափոխութիւնը» հատորին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 30 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ։
Մուտքը ազատ է, իսկ ներկայացումը պիտի կատարուի հայերէնով։
Գիրքը պիտի ներկայացնէ նկարիչ Գագիկ Վարդանեան, իսկ հեղինակը հանդիպման պիտի միանայ «Սքայփ»ի միջոցաւ։
«Կեցցէ Յեղափոխութիւնը» հատորը գրուած է խորհրդային տարիներուն, «երբ հեռուստատեսութեամբ քննարկումներ էին ընթանում 1917 թուականին ցարական ընտանիքի սպանութեան եւ յեղափոխութեան մասին՝ տարբեր կողմեր պաշտպանելով: Այստեղ հեղինակը հանդէս է գալիս մէկ այլ դիրքորոշմամբ, որով, ըստ իրեն՝ կարող է խաղաղարարի դեր տանել երկու կողմերի միջեւ՝ ցոյց տալով այն, ինչ նրանք չեն հասկացել»:
Արման Գրիգորեան ծնած է 1960ին, Երեւան: 1985ին աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը: Ան հայ գործիչ-արուեստագէտներու վառ ներկայացուցիչներէն կը նկատուի եւ «3րդ Յարկ» (1987-1994) ու «DVD Յեղափոխութիւն» (2008-2014) խումբերու հիմնադիրներէն է:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ (818) 243-4112 թիւին կամ դիմել
noor@abrilbooks.com հասցէին։