Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Ազնաւորեան Զարեհ արք., «Հասկնանք Մեր Պատարագը – Սուրբ Պատարագի Զարգացումը, Կառոյցը, Բովանդակութիւնը», հրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, խմբագիր՝ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2019, 126 էջ:
– Դանիէլ Վարուժան, «Հացին Երգը», խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2019, 112 էջ (16.5 x 21.5 սմ.) (հեղինակին յետ մահու՝ 1921ին լոյս տեսած տաղարանին վերահրատարակութիւնը՝ ապակետիպ բազմացումով), հայերէն:
– Դանիէլ Վարուժան, «Հացին Երգը», թարգմանիչ՝ Օհաննէս Շաշքալ, խմբագիր՝ Ռոպէր Քոփթաշ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2019, 120 էջ (16.5 x 21.5 սմ.), թրքերէն:
– Թաշճեան Վահէ, «Օրագիր Եղեռնի Ու Պայքարի. Շողակաթին Մահը Սալամիայի Մէջ», Բերիոյ թեմի հրատարակութիւն, «Այգ» մատենաշարի թիւ 23, Հալէպ, 2019:
– Ծաղիկեան Ալպերթ, «Չերգուած Հերոսներ. Մեր Մոռցուած Հերոսները՝ Արտաշէս Գալուստի Գէորգեան, Թորգոմ Գալուստի Գէորգեան, Օննիկ Եանիկեան, Գուրգէն Եանիկեան, Ասատուր Մելիքի Հասան-Ջալալեան», Միացեալ Նահանգներ, 43 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (ազգային վրիժառուներու կենսագրութեանց անյայտ մանրամասնութիւններ՝ քաղուած մեծ մասամբ անոնց ազգականներէն), անգլերէն:
– «Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն», կազմեց եւ ծանօթագրեց Պետրոս Թորոսեան. յատուկ անուններու ցանկագրումը եւ հրատարակութիւնը՝ «Շիրակ» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2019, 728 էջ (17 x 24 սմ.) (ՌԱԿի ԹՄՄի եւ ՀԲԸՄի ղեկավարի հրապարակագրութեան եւ ելոյթներու հաւաքածոն, լուսանկարներ, յատուկ անուններու, յապաւումներու եւ անոնց համար օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր, Հրաչեայ Սեդրակեանի գրութիւններու մատենագիտական ցանկ, անգլերէն ամփոփում):
– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Ժնեւի Մէջ Հնչակեան Կուսակցութեան Ծագումը Եւ Քսան Կախաղաններու Ժառանգութիւնը», «Զանգակ-97» ՍՊԸ տպարան, Երեւան, 2019, 192 էջ (14.2 x 21.8 ս.մ., անձերու, դէպքերու եւ փաստաթուղթերու բազմաթիւ լուսանկարներ, յատուկ անուններու եւ հասկացութիւններու միացեալ ցանկ), անգլերէն: Մեկենասներ՝ տէր եւ տիկին Վազգէն Գալթաքճեան: Գիրքը նուիրուած է Մարի Գալթաքճեանի եւ Պօղոս Մութաֆեանի: Հրատարակութեան օժանդակած է ՍԴՀԿի Թորոնթոյի մասնաճիւղը:
– Պէրպէրեան Հուրի, «Թափառաշրջիկ Յեղափոխականներ. Հայերը Եւ Ռուսական, Իրանեան Ու Օսմանեան Աշխարհներուն Մէջ Առնչակից Յեղափոխութիւնները», Միացեալ Նահանգներ, Ապրիլ 2019, 320 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (8 քարտէս, 7 սեւ-ճերմակ լուսանկարներ), անգլերէն:
– Վարդանեան Գուրգէն, «Մշակոյթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)», խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեան, հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի, թիւ 13, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2019:
– Տերոժի Ժաք, «Նեմեսիս Գործողութիւնը. Հայ Վրիժառուները», ֆրանսերէնէ թարգմանեց Աբրահամ Ահարոնեան, խմբագիր՝ Խորխէ Գազանճեան, Պուէնոս Այրես, 2019, սպաներէն: Լոյս տեսած է Ժան եւ Գարմէն Աբգարեան հիմնարկութեան մեկենասութեամբ:
– «Տոհմիկ Բարերարը», կազմող՝ Էմմա Յովսէփեան, Երեւան, 2019 (նամակներ եւ զանազան փաստաթուղթեր ու նիւթեր): Ժողովածուն լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպենկեանի ծննդեան 150ամեակին առթիւ:
– «Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Վերապրողներու Վկայութիւնները», թարգմանիչ՝ Տիրան Լոգմակէօզեան, Պոլիս, 2019, թրքերէն: