ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փիոթր Սուիթալսքիի համար վերջին շրջանին, Հայաստանի ամէնէն կարեւոր ձեռբքերումներէն է կաշառակերութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ դրսեւորուած քաղաքական կամքը եւ երկրին մէջ անպատժելիութեան զգացումին վերացումը։ Իսկ մասնաւորապէս խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններով Հայաստան ժողովրդավարութեան զարգացման աննախադէպ մակարդակ նուաճած է:
«Վստահ եմ, որ Հայաստան ժողովրդավարութեան զարգացման աննախադէպ մակարդակ ապահոված է՝ մասնաւորապէս վերջին ընտրութիւններով: Բայց պէտք է առնել նաեւ յաջորդ քայլը: Սակայն ամէն ինչ կը սկսի ընտրութիւններէն, եւ այդ առաջին քայլը դուք առիք: Կրնաք հպարտանալ բոլոր այն բաներով, որոնք տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ անցեալ Դեկտեմբերին», դիւանագիտական իր առաքելութեան աւարտին յայտարարեց Սուիթալսքի:
Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները՝ ըստ դեսպանին գերազանց մակարդակի վրայ են:
«Մեր գնահատականը այն է, որ մենք այս պահուն, գերազանց յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի հետ: Եւ բոլոր գործօնները, որոնք սովորաբար նկատի կ՛առնուին յարաբերութիւններու մակարդակը գնահատելու համար՝ կը յուշեն, որ նման յայտարարութիւններ կշիռ ունին: Մենք ունինք բաւական աշխոյժ եւ բարեկամական քաղաքական երկխօսութիւն՝ ամենաբարձր մակարդակէն սկսած», ըսաւ Սուիթալսքի:
Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին՝ ան նշեց, որ անիկա արդէն կը մտնէ իրականացման փուլը:
Սուիթալսքի նաեւ ընդգծեց, որ յատկանշականօրէն աւելցած է Հայաստանի զարգացման ուղղուած դրամական աջակցութեան մակարդակը:
«Եթէ փորձենք ամէն ինչ համադրել՝ վստահաբար կրնանք ըսել, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութիւնը ճիշդ ճանապարհին վրայ է: Վստահ եմ, որ Հայաստանի ժողովուրդը կը գնահատէ այդ: Վերջերս մենք հրապարակեցինք հասարակութեան շրջանակին մէջ կատարուած հարցախոյզը: Եւ հայերուն 92 տոկոսը կը յայտնէ, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները լաւ կերպով կը զարգանան», ըսաւ դեսպանը: