Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Ազգային մարզադաշտ մը, որ պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներ եւ պիտի կարենայ տեղաւորել շուրջ 35-40 հազար հանդիսականներ, «Ֆէյսպուք»ի ուղիղ միացման ընթացքին յայտնեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան փոխնախարար Գէորգ Լոռեցեան:
«Ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան մեկնած էի Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի բանակցութիւններ վարեմ հնարաւոր ներդրողին հետ: Ամերիկեան ներդրողը արդէն իսկ պաշտօնական առաջարկ պատրաստած է եւ ուղարկած կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան: Ներդրողը պատրաստ է մինչեւ 300 միլիոն տոլար ներդրում կատարելու Հայաստանի մէջ ՈՒԵՖԱի 4րդ կարգի մարզադաշտ կառուցելու համար: Մարզադաշտը պիտի ունենայ մօտաւորապէս 35-40 հազար նստատեղեր եւ միջազգային բարձր չափանիշներ», ըսաւ Լոռեցեան:
Ան շեշտեց, որ մարզադաշտը պիտի կառուցուի Երեւանի տարածքին մէջ, որովհետեւ Երեւանէն դուրս կարելի չէ ընդունիլ միջազգային ամենաբարձր մակարդակի հանդիպումներ, ինչպիսին են եւրոպական եզրափակիչները կամ Եւրոպայի ախոյեանութեան խաղերը: