ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Այս տարի՝ 2019ը, «Ասպարէզ»ի 111րդ տարին է. աննահա՛նջ տարին։
«Ասպարէզ»ը ծնած է 1908ին, Ֆրեզնօ. անսպառ յոյսով։
Հետաքրքրական զուգադիպութիւն է նաեւ, որ «Ասպարէզ»ի 18 Յունիս 2019ի օրինակը կ՛արձանագրէ «Ասպարէզ»ի 16,000րդ թիւը։
* * *
«Օրը Օրին» սիւնակը, խորագրեալ՝ «Յաղթանակ Մը Եւս», «Ասպարէզ» ստորագրեալ, արդարօրէն կը խորհրդածէ անկեղծ, սրտբաց եւ սեղմ տողերով՝ «Ասպարէզ» մամուլին յաղթանակը, յիշատակելով Արամ Ա. կաթողիկոսին յայտարարութիւնը՝ 2019ը «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակելուն մասին։ Առ այդ, ստորագրեալը, յոյս կը յայտնէ, որ նոր աւիշով, ու «նոր ծրագիրներ մշակելու, գործադրելու եւ դէպի նոր յաղթանակներ սուրալու շօշափելի հնարաւորութիւն» պիտի ընծայաբերեն՝ «Ասպարէզ»ին մշտական նեցուկ կանգնող հայ թերթի նուիրեալներն ու նուիրաբերող ջահակիրները։
Յունիս 19, 2019