ԹԱՀԱՆԿԱ.- Հայաստանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու դարմանումին աջակցող «Առողջապահութեան Կամուրջ» բարեսիրական կազմակերպութեան ի նպաստ 5րդ տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 8 Սեպտեմբերին, «Օրօրա» սրահին մէջ (7179 Foothill Blvd, Tujunga, CA 91042):
Այս տարի, «Արմատային Կալա» անունով մկրտուած սոյն ձեռնարկին հանդիսավարն է «ՓանԱրմէնիա» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Մհեր Պաղտասարեան։
Ձեռնարկին ընթացքին տեղի պիտի ունենան արուեստի գործերու ցուցադրութիւն մը եւ վիճակահանութիւն: Ընթրիքին մասնակցողները նաեւ պիտի վայելեն գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Կամաւորներու ջանքերով գործող սոյն կազմակերպութիւնը ցարդ կրցած է օժանդակութիւն ապահովել բազմաթիւ երեխաներու:
Անցեալ տարուան՝ «Գոյն Կալա»ին շնորհիւ կարելի եղած էր 30,000 տոլար գոյացնել ի նպաստ այս ոչ-հասութաբեր կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքներուն։ Յաւելեալ տեղեկութեանց, հովանաւորութեան առիթներուն ծանօթանալու կամ տոմսեր ապահովելու համար՝ այցելել www.bridgeofhealth.org կայքը կամ դիմել info@bridgeofhealth.org հասցէին։