ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ոստիկանական աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Ալեքսանդր Սպենդարեանի Օփերայի եւ Պալէի Ազգային ակադեմական կեդրոնի նախկին տնօրէն Կոստանդին Օրբէլեան դիմած իրաւապահ մարմիններուն եւ յայտնած, որ 3 տարի առաջ մեծ գումար մը տուած է քաղաքացիի մը, զոր սակայն մինչ օրս ետ չէ ստացած:
Օրբէլեան յայտնած է, որ Յուլիս 2016ին, Երեւանի նոտարական գրասենեակներէն մէկուն մէջ իր եւ Գ. Մ.ի միջեւ կնքուած է առք ու վաճառքի պայմանագիր, որմէ ետք ինք Գ.Մ.ին պարտքով տուած է 600 հազար տոլար, սակայն քաղաքացին վստահութիւնը չարաշահելու եղանակով տիրացած է այդ գումարին: Դէպքին վերաբերեալ ոստիկանութեան Շէնգաւիթի բաժինի հետաքննչական բաժանմունքը քննութեան ձեռնարկած է՝ պարզելու համար հանգամանքները: