ԱՆԳԱՐԱ, «Ահվալ».- Թուրքիոյ երբեմնի գործակից «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ սպառնացող տեսանիւթ մը հրապարակեց: Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին հինգ ահաբեկիչներ, որոնցմէ մէկը թրքերէնով կը սպառնայ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն:
Թուրքիան իբրեւ «Իսլամական պետութեան» մէկ նահանգը համարող տեսանիւթին մէջ զինեալ մը կը շեշտէ, թէ «Խաչակիրներուն կողքին կանգնելու» նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին կեցուածքը պիտի չօգնէ «Իսլամական պետութեան» յարձակումներուն դէմ դնելու Թուրքիոյ ջանքերուն։
Նշենք, որ վերջերս նման տեսանիւթ մը հրապարակուած էր նաեւ Ատրպէյճանի դէմ։