ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Հայոց լեզուն, եթէ ուզէք զայն անուանեցէք «մայրենի», «մեծասքանչ» կամ «մրգաստան», չստեղծուեցաւ մէկ օրէն: Անիկա գոյացաւ, ինչպէս կ՛ըսեն, «կաթիլ առ կաթիլ», մինչեւ որ դառնար անծայրածիր ովկիանոս: Իսկ դուք, յարգելի ընթերցող, այդ մեծութեան մակերեսը եւ խորութիւնը մի՛ չափէք խօսողներու թիւով, անոնք ձուկեր են սակաւաթիւ, անկէ սնունդ եւ թթուածին ստացող:
Այս միտքերը կը յածին, երբ ամառնային անձրեւի անսպասելի կաթիլ մը, ճեղքելով շոգ երկինքը, կ՛իջնէ Երեւանի Արամ փողոցին վրայ, հովանոցի մը տակ իրարու մօտենալ ստիպելով այն երիտասարդ զոյգին, որ Նարեկացի Արուեստի միութենէն դուրս ելած՝ կը փորձէ որոշել, թէ հիմա ո՛ւր երթայ…: Կաթիլները կ՛արագանան, կը խտանան, աղջիկը եւ տղան կը դառնան աջ…
Սիրահարները պահ մը առանձին ձգենք, եւ մենք խօսինք «կաթիլ» բառին մասին: Տեսնենք նաեւ, թէ հայկական գրականութեան էջերը միայն անձրեւի շիթերով չէ որ թրջուած են, այլ կան կաթիլի տեսակներ՝ ինքնամփոփ աշխարհներ, իսկ ընդհանրապէս տրտմութիւն: Արդէն հասկցաք. «կաթիլ»ն ալ ունեցեր է ինքնուրոյն պատմութիւն, որ գոյացեր է փոքր, բայց հաստատ քայլերով, ինչպէս կ՛ըսեն՝ «կաթիլ առ կաթիլ»:
«Կաթիլ»ը նախամաշտոցեան է եւ նախաքրիստոնէական: Իսկ ո՞ր ամպն էր, որ առաջին կաթիլը իջեցուց հայոց լեզուին վրայ: Չենք գիտեր: Ստուգաբաններ առաջարկած են վարկածներ, թէ անիկա լատինական է, իրանեան է, յաբէթական է…: Մէկ բան յստակ է, թէ «կաթ» արմատը ստացեր է «իլ» մասնիկը, ու դարձեր է «կաթիլ», ապա՝ իբրեւ վաղորդեան ցօղ, սկսեր է նստելու մատեաններու վրայ: Այդ էջերը քիչ ետք պիտի թերթենք, սակայն նախ կարդանք Ստեփանոս անունով գրիչին խրատ-յանձնարարականը եւ տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մօտենալ հնամեայ մատեաններուն. «Գիրքս ամանաթ ձեզ պահեցէք, գէջ եւ ի կաթիլ տեղ մի դրէք»: Աչքի լոյսի կաթիլներով գրուած խօսքեր են, անսանք եւ ակնածանքով մօտենանք մագաղաթներուն:
«Կաթիլ» բառը նախ իջեր է Աստուածաշունչի էջերուն վրայ: Ամէնէն պատկերալից գործածութիւնը նմանարկութիւն մըն է, ուր բառը մարդացեր՝ նոյնացեր է Յակոբի սերունդին հետ. «Եւ եղիցի մնացորդն Յակոբայ… իբրեւ զցօղ անկեալ ի Տեառնէ, եւ իբրեւ կաթիլ»: Երբ առատացան «կաթիլ»ները, բերրիութիւն բերին: Անոր սնունդով աճեցան բարդ եւ ածանց բառեր, նոր ու հին. կաթիլաձեւ, կաթիլանման, կաթիլաջուր, ինչպէս նաեւ այն, որ ունի առողջապահական նշանակութիւն՝ «օդակաթիլային ճանապարհ»: Ապա եկան փոխաբերական իմաստները, պատկերալից էին անոնք, հռետորական շատ անգամ, ինչպէս՝ «բաժակի վերջին կաթիլը» կամ «մինչեւ վերջին կաթիլը»: Վերջապէս, սուրբեր եւ բանաստեղծներ եկան եւ բառը յարմար գտան հոգիի խորութիւնները ու յուզումները նկարագրելու համար:
Գրիգոր Նարեկացին իր աղօթքներուն մէջ գործածեց «աչքի կաթիլ», «ծովու կաթիլ», «պղտոր կաթիլ» արտայայտութիւնները: Ապա, իր յայտնի խօսքը ուղղեց Մարիամ Աստուածածինին. «Ահա՛ կաթիլ մի կաթին՝ քումդ կուսութեան, յանձն իմ անձրեւեալ՝ կենաց ինձ զօրէ»:
Տղան ու աղջիկը քանի մը քայլ հեռացան, դանդաղ, անխօս, ապա վերադարձան եւ նստան դեռ չթրջուած նստարանին: Ամրան կաթիլները հատիկ-հատիկ իջան: Տխուր խօսքե՞ր էին անոնք: Չլսեցինք: Սեւ հովանոցը ծածկեց անոնց զրոյցը:
«Կաթիլ» բառը գաղտնիքներ չունի, թափանցիկ է: Մայրաքաղաքի թերթերուն մէջ տեսեր էինք խորագիրներ, որոնք խոհական փայլատակումներ ըլլային կարծես՝ ընկերաբանի կամ քաղաքական գործիչի միտքէն ծորած. «Կաթիլ Առ Կաթիլ Դժգոհութիւնը Մեծանում Է», «Այսպէս կաթիլ առ կաթիլ է պէտք աշխատել, որ ծով դառնանք», «Մեր արածը պարզապէս մի կաթիլ ջուր է ովկիանոսում: Բայց եթէ այդ կաթիլը չլինէր, կարծում եմ՝ ովկիանոսը կը զգար դրա պակասը»: Պարզ է հասկնալ, թէ անիկա յաճախ կը նշանակէր «որեւէ բանի ամէնէն նուազագոյն մասնիկը»: Այդ միտքը նկատի ունէր Եղիշէ Չարենց, երբ գրեց. «Կ՛անցնենք մենք էլ այս աշխարհում, ինչպէս ծովում ջրի կաթիլ»: Յետոյ, մեծ ոստում կաթիլ մը բառի համար, անիկա դարձաւ գիրքի տիտղոս եւ իջաւ հայոց բնաշխարհին վրայ, ծայրէ ի ծայր: Առաջինը 1879ին էր, «Մի Կաթիլ Արտօսր Զոր Կը Հեղու Հայ Մոխիրին Վրայ», Պոլիս, ապա, «Մի Կաթիլ Արիւն», Պաքու, 1885, «Կաթիլներ՝ Տպուած Եւ Անտիպ Քերթուածներ», Մարզուան, 1911, «Կաթիլներ», Շուշի, 1914:
Ինչպէ՞ս չյիշել նաեւ Թումանեանի «Մի Կաթիլ Մեղր» հեքիաթը:
Այժմ ամպ ըլլանք, սաւառնինք հայոց շէներու վրայ եւ ականջ տանք «կաթիլ» բառի երանգներուն. Ագուլիս՝ «կօթ», Հաճըն՝ «գօթ», Մուսա լեռ՝ «գութ», Ախալցխա՝ «կաթիլք», Համշէն, Ռոդոստօ եւ Սեբաստիա՝ «գաթիլք», Զէյթուն՝ «գաթըլ» եւ Մուշ ու Ալաշկերտ՝ «կատիլք»: Սա Հայաստանն էր, հիւրասէր եւ խաղաղասէր ժողովուրդի երկիր, ուր, ըստ Գէորգ Էմինի՝ «…Եւ այստեղ, այս հողի վրայ, անարդար ձեւով օտարի ո՜չ մի կաթիլ արիւն չի թափուել»: Արիւնի՜ կաթիլ… Սիամանթօն էր վերջին անգամ այդ երկու բառերը քով քովի դրած՝ այն օրերուն, երբ ամբողջ ազգ մը արիւնահոս կ՛ըլլար կաթիլ առ կաթիլ: «Խեղդամահը» քերթուածին մէջ հայ մայրը իր նորածինը կը յանձնէր օտարներուն՝ հետեւեալ խօսքերով. «Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ. մինչեւ արիւնս ծծել տուի…: Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ»: Իսկ 1991ին ամբողջ Հայաստանը դարձաւ… «կաթիլ». Յովհաննէս Գրիգորեանի մտայղացումն էր այդ.
«Սա իմ երկիրն է…
Փոքրիկ՝ ինչպէս ծերացած մայր,
փոքրիկ՝ ինչպէս նորածին զաւակ,
իսկ քարտէսի վրայ ընդամէնը արցունքի մի կաթիլ…»:
Նոյն միտքերը պարունակեցին Համօ Սահեանի տողերը. «Արտասուքներ իմ վճիտ… Ձեր ամէն մի կաթիլում՝ կար մի կաթիլ Հայաստան»:
Սաստկացաւ անձրեւը Արամի փողոցին վրայ: Աղջիկը եւ տղան դարձան երկու ստուերներ: Արդեօք ի՞նչ գաղտնիք պահեցին կաթիլները իրենց մէջ: Չէ՞ որ այս բառը իր փոքրիկ տիեզերքին մէջ կրնար մարդկային բոլոր յուզումները պարունակել…: Հարցնենք քնարերգակներուն. անոնք են միայն լսած լուռ ցաւերը. «Կաթիլ արիւնիկ թէ ունեմ՝ քո սիրուց այն ցամաքեց», Նահապետ Քուչակ, «Ո՜հ, տուէ՛ք հոգւոյս կրակի մի կաթիլ», Պետրոս Դուրեան, «Դու եկել էիր նշանիդ շորում, մի կաթիլ արցունք մատանուդ քարին», Համօ Սահեան, «Իմ ծաղիկները… անջու՛ր են մնում: Ու կաթիլ-կաթիլ՝ թօշնած թերթերը, արցունքներիս պէս ընկնում են», Սիլվա Կապուտիկեան, «Երկու կաթիլ ջուր շուրթերուն իր կէզ», Միսաք Մեծարենց:
Հիմա պայծառ արեւ է: Հեռացաւ հովանին, յայտնուեցան երկու դէմքեր, ժպտուն: Հայրենի բանաստեղծ Աշոտ Գաբրիէլեանի խօսքերը կը փայլին աչքերու մէջ. «Աչքերդ կաթիլ-կաթիլ, լուսաւորւում են»:
Եւ անկասկած, նման վերջաբանի համար էր, որ Ռոպերթ Ամիրխանեան յօրինած էր «Գարնան Կաթիլներ» քնարական մեղեդին եւ Զարեհ Խրախունին ալ՝ «Կաթիլներ» քերթուածը.
«…Ջուրի կաթիլ մը կը սահի
կը հանդիպի ուրիշի մը ու կ՛ըսէ.
Գիտե՞ս ինչ բան
Քու մէջդ ինչ բան ամէնէն շատ
Ամէնէն շատ կը սիրեմ .
Դուն ոչ մէկուն եւ ոչ մէկուն կը նմանիս…»