ԵՐԵՒԱՆ.- Ապու Տապիէն «Մաստար» ընկերութիւնը մտադիր է ուսումնասիրել վերականգնուող (կամ նորոգելի) ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի ունեցած կարելիութիւնները, մանաւանդ որ արեւային եւ հողմային ուժանիւթի զարգացման առումով Հայաստան ունի զգալի ներուժ:
Հայաստան այցելող «Մաստար» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մուհամետ Ժամիլ Ալ Ռամահի եւ «Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւնների ֆոնդ»ի գործադիր տնօրէն Դաւիթ Փափազեան ստորագրեցին համաձայնագիր մը՝ արեւային (200 մ.ու.), հողմային (200 մ.ու.) եւ լողացող արեւային ուժանիւթի (100 մ.ու) արդիւնաւէտ համագործակցութեան նպատակով:
Դիմելով կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, գործարար ոլորտի եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն՝ Ալ Ռամահի նշեց, որ Հայաստան ուժանիւթի մարզին մէջ խոստմնալից ապագայ ունի, իսկ իրենք մեծապէս հետաքրքրուած են գործակցութեամբ։ «Իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ամէնէն արագ աճող տնտեսութիւն ունեցող երկիր եւ աստիճանաբար ունենալով աւելի բաց եւ բարենպաստ կարգաւորող միջավայր՝ Հայաստան խոստմնալից է թէ՛ արեւային եւ թէ հողմային ուժանիւթի մարզին մէջ ներդրումներ իրականացնելու համար», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ ուրախ է առաւել զարգացնելու Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ կապերը ու կիսելու ամբողջ աշխարհի մէջ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ ծրագիրներու իրականացման իր 13 տարուան փորձառութիւնը:
Փափազեան իր կարգին նշեց, որ այս համաձայնագիրը Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուելիք համաձայնագիրներէն առաջինն է:
Ըստ անոր՝ Յունուարին յարաբերութիւններու վերահաստատումէն ետք, խորհրդանշական է, որ առաջին երկկողմանի ներդրումային համաձայնագիրը կը ստորագրուի ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Ան յայտնեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը նպատակ ունի առաւել խորացնելու զանազան բնագաւառներու մէջ կապերը Արաբական Միացեալ Նահանգներու իր գործընկերներուն հետ: Ըստ Փափազեանի՝ Հայաստան արդէն իսկ բաւական հզօր ջրելեկտրակայան ունեցող եւ ելեկտրականութիւն արտադրող պետութիւն է, եւ անոր առաւել քան 200 գետերը եւ լիճերը յարմար են արեւային կայաններու ծրագիրներու համար։