ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջերս դարձաւ պաշտօնական գործակից մը Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք մարդահամարի գրասենեակին եւ ինչպէս 2010ին կատարած էր, պիտի կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ, նպատակ ունենալով հայութիւնը մղել, որ 2020ի մարդահամարի հարցարանին մէջ իրենց ինքնութիւնը յստակօրէն նշեն՝ իբրեւ հայ, «Armenian» գրելով հարցարանին վրայ։
«Կը կարծուի, որ միայն Քալիֆորնիոյ տարածքին կը բնակին մօտաւորապէս մէկ միլիոն հայեր եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին համար յոյժ կարեւոր է, որ մեր ներկայացուցած ժողովուրդը ճշգրիտ համրուի 2020ի մարդահամարին ընթացքին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
Այս նպատակով, արդէն իսկ կազմուած է յատուկ յանձնախումբ մը եւ Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն պիտի գործակցի համայնքային այլ կազմակերպութիւններու հետ, հայութեան ճշգրիտ թիւին արձանագրութիւնը ապահովելու համար։
Յիշեցնենք, որ 10 տարին անգամ մը կատարուող Միացեալ Նահանգներու մարդահամարներով կը սահմանուի Ներկայացուցիչներու տան մէջ իւրաքանչիւր նահանգի քոնկրեսականներուն թիւը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր նահանգի եւ տեղական կառավարման մարմիններու տրամադրուելիք դաշնակցային իշխանութիւններէն գումարներու քանակը։