ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Երեւանի մէջ Իսրայէլի անկախութեան 71րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին, երբ լրագրողներէն մէկը Հայաստանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիաւ Պելոցերքովսքիին հարցուց, թէ Իսրայէլ ցարդ չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ թէ կարելի՞ է փոփոխութիւն ակնկալել, մանաւանդ երբ դեսպանը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ ան պատասխանեց. «Այդ սարսափելի ողբերգութիւն մըն էր. 20րդ դարու պատմութեան եւ մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ կանխամտածուած սպանութեան գործողութիւններէն էր: Հրեաները, յատկապէս, այն մարդիկ, որոնք կ՛ապրին Իսրայէլ, աշխոյժօրէն հանդէս կու գան անոր դէմ, եւ անիկա նաեւ քննարկուած է մեր խորհրդարանին մէջ»:
Լրագրողը նկատել տուաւ, որ դեսպանը չ՛օգտագործեր «ցեղասպանութիւն» բառը. դեսպանը նշեց, որ անիկա բառի որոնման հարց չէ: Ան շեշտեց, որ իսկապէս սարսափելի ողբերգութիւն էր, պէտք է քննարկել այդ պատմութիւնը եւ ուսումնասիրել զայն, որպէսզի նման ողբերգութիւններ չկրկնուին, դարձեալ խուսափելով «ցեղասպանութիւն» բառէն:
Պատասխանելով հարցումին, թէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները արդեօք չե՞ն խանգարեր Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը՝ ան ըսաւ, որ Իսրայէլ, ինչպէս Հայաստան, ունի իր հետաքրքրութիւնները, իր յարաբերութիւնները շատ մը երկիրներու հետ, եւ այդ յարաբերութիւնները բաղկացած են տարբեր բաղադրիչներէ: «Մենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը տեսնենք իբրեւ առաջնային եւ պիտի ամրապնդենք որքան հնարաւոր է», շեշտեց ան: