ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 2 Յուլիսին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի յարկին տակ ի մի խմբուած էին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ժամանած մամուլի մշակներ՝ կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայ Մամուլի համահայկական համագումարին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որու պատգամէն ետք Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան կարդաց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը, որուն ան կը յայտնէր, թէ հայկական լրատուամիջոցները այսօր կանգնած են բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ Սփիւռքի մէջ՝ շեշտելով, որ իրենց էութեամբ ու բովանդակութեամբ իրարմէ տարբեր մարտահրաւէրներու քննարկումը եւ լուծման ուղիներ գտնելը համազգային օրակարգի հարցեր են: Փաշինեան դիտել կու տայ, որ հայ մամուլը առանցքային դերակատարութիւն ունի հայութեան վերաբերող ամէն տեսակի հարցերուն միջազգային հեղինակութիւն տալու առումով:
Վերջապէս, խօսք առաւ համագումարի պատուոյ հիւր, Հայաստանի վարչապետի տիկին եւ «Հայկական Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Յակոբեան: Ան ըսաւ, որ մամուլը ամբողջ աշխարհի մէջ ճգնաժամ կ՛ապրի եւ ասոր անմասն չի մնար հայ մամուլը: Դիտել տալով, որ արհեստագիտութեան արագ յառաջացումով ընկերային ցանցերը հետզհետէ կը փոխարինեն աւանդական մամուլը, մանաւանդ տեղեկատուական ոլորտին մէջ, ան շեշտեց, որ մամուլը, լրատուութեան կողքին, ունի նաեւ հասարակութիւնը կրթելու, գաղափարներ յառաջ բերելու, խորքային քննարկումներ յարուցելու, կենսական հարցեր արծարծելու եւ հարցերու լուծման բանալիներ որոնելու առաքելութիւն: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց՝ կազմակերպուած ձեւով արձագանգելու հայ մամուլի մարտահրաւէրներուն:
Օրուան Բ. նիստին նիւթն էր՝ «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համագործակցութիւն. խնդիրներ եւ ընելիքներ»: Այս նիստին ելոյթ ունեցան Ժիրայր Չոլաքեան, Վահրամ Պօղոսեան եւ Վահագն Գարագաշեան (հեռակապով), իսկ անոր ատենապետն էր՝ Շահան Գանտահարեան: Վերջինս դիտել տուաւ, որ ներկայ դրութեամբ զանգուածային լրատուամիջոցները վաղուց դուրս եկած են դասական ընկալումներէ, որովհետեւ ժամանակակից վըրչուըլ (virtual, իրականանման) աշխարհակարգի փիլիսոփայութիւնը հայկական լրատուամիջոցներուն համար նորարարութիւնը կամ անվերջ փոփոխութիւնը կը վերածէ ո՛չ թէ միջոցի, այլ նպատակի: Չոլաքեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ինքնիշխանութեան կարեւորութեան մասին, որ համագործակցութեան նախապայմաններէն մէկն է, ապա թէ ոչ այդ կը դառնայ ինքնախաբէութիւն: Իսկ Պօղոսեան խօսեցաւ Արցախի մէջ մամուլին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Ան լուսարձակի տակ առաւ Արցախի հակամարտութեան վերաբերող լրատուութեան մէջ հայ մամուլին ջանքերը միացնելու աշխատանքին կարեւորութիւնը: Գարագաշեան անդրադարձաւ «Հակահայ քարոզչութեան դէմ տեղեկատուական պատերազմը» նիւթին, դիտել տալով, որ Հայաստան ռազմավարական, դիւանագիտական եւ տեղեկատուական պատերազմի մէջ է իր թշնամիներուն դէմ եւ լուսարձակի տակ առաւ հետեւողական աշխատանք տանելու եւ քարոզչական մեր կառոյցը վերահունաւորելու կարեւորութիւնը:
Գ. նիստին նիւթն էր՝ «Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները», որուն ատենապետեց Միքայէլ Հաճեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ սրընթաց աշխարհին մէջ մամուլին դիմաց ցցուած տարբեր ու բազմաթիւ դժուարութիւններուն հակազդելու անհրաժեշտութիւնը: Առաջին զեկուցաբերը՝ Արամ Անանեան ներկայացուց «Հայկական տպագիր մամուլի ապագան. ինչպէ՞ս մրցունակ մնալ թուային դարաշրջանին մէջ» նիւթը: Ան շեշտեց, որ ասիկա միայն հայկական հարց չէ, այլ ընդհանրապէս մամուլին դիմագրաւած հիմնական հարցերէն է՝ կացութիւնը նկատելով նախաճգնաժամային եւ անհրաժեշտ սեպելով ապագայ բեմագրութիւնը սերտելու եւ կանխատեսելու, որպէսզի կարելի ըլլայ փոփոխութիւններուն արձագանգել: Երկրորդ զեկուցաբերը՝ Վիգէն Աւագեան, իբրեւ նիւթ ունեցաւ՝ «Մամլոյ սպասաւորի կերպարը նորարար արհեստագիտութեան օրերուն»: Ան բաղդատական մը կատարեց մամլոյ սպասաւորին նախապէս մարմնաւորած կերպարին, յատկութիւններուն եւ ներկայիս՝ կազմակերպ քաոսին մէջ անոր պարզած կերպարին միջեւ: Զեկուցաբերը շեշտեց, որ փոխուած են միջավայրը, աշխատանքային ոլորտը, պայմանները, սահմաններն ու սկզբունքները, ուստի մամլոյ այսօրուան սպասաւորին թիրախը պէտք է ըլլայ իւրայատկութիւնը, ստեղծագործական արտակարգ ճիգը, արագօրէն տեղեկահաւաք կատարելը, լուրերը մշակելն ու տարածելը՝ միշտ պահելով ճշմարտութիւնն ու ճշգրտութիւնը: Յաջորդիւ, Նայիրի Հոխիկեան խօսեցաւ «Արեւմտեան Հայաստանի ազգային ինքնութիւնը պահպանող հայերու գործօնը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ հայկական ինքնագիտութեան մէջ» նիւթին մասին՝ դիտել տալով, որ 2008էն ի վեր յաճախակի այցելութիւններ տուած է Արեւմտեան Հայաստան, ուր քարեղէն արժէքներուն կողքին, իր ուշադրութեան կիզակէտը դարձած են հայկական արմատներ ունեցող անհատները, որոնք պահած են իրենց ինքնութիւնը: Ան անդրադարձաւ այս գծով լրատուամիջոցներուն կատարելիք աշխատանքին մասին: Գ. նիստի վերջին զեկուցաբերն էր Ահարոն Շխրտըմեան, որուն նիւթն էր՝ «Տպագիր մամուլը եւ նոր իրականութիւն»: Ան կարեւոր նկատեց զատորոշել Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլը, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի տարբեր հարթութիւն, տարբեր պայմաններ ու իրականութիւն: Ըստ անոր՝ տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլը զիրար կ՛ամբողջացնեն, սակայն բոլոր պարագաներուն ալ կարիքը կայ յանձնառու հրապարակագիրի, արհեստավարժ լրագրողի, որոնք պատասխանատու աշխատանք կը կատարեն:
Օրուան վերջին նիստը կը կրէր «Լրատուութիւնը եւ ընկերային ցանցերը» խորագիրը: Նիստին ատենապետ Զաւէն Թորիկեան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց վերնագրումի եւ էջադրումի կարեւորութիւնը եւ անոր ստեղծած կացութիւնը: Գայիանէ Առաքելեան ներկայացուց՝ ««YouTube»էն եւ «Facebook»էն հեռարձակումները՝ իբրեւ լրատուամիջոցներու անկախութեան նոր գործիք եւ հնարաւորութիւն» նիւթը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ մամուլի տնտեսական ազատութեան կարեւորութեան եւ ընկերային ցանցերուն ընծայած տարածքին մասին եւ նշեց, որ եթէ անցեալին խմբագիրները կ՛որոշէին մամուլին բովանդակութիւնը, ապա ներկայիս ընկերային ցանցերը կը կատարեն այդ մէկը: Սաթիկ Սէյրանեան ներկայացուց «Հայաստանեան մամուլը թաւշեայ իրադարձութիւններէն յետոյ. մարտահրաւէրներ» նիւթը, որուն մէջ ան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած վերջին քաղաքական կացութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի լրագրութեան դաշտին վրայ, ի մասնաւորի անհանդուրժողական մթնոլորտը: Ապա, զեկոյց ներկայացուց Գեղամ Մանուկեան՝ «Ամբողջական փոխճանաչման խնդիրը հայկական մամուլին մէջ» նիւթով, որուն միջոցաւ ան դիտել տուաւ, որ մամուլը կարգ մը հարցեր կ՛արծարծէ ընտրողական մօտեցումով եւ, հետեւաբար, հոն կը պակսին իսկական փոխճանաչումը: Վերջապէս, ելոյթ ունեցաւ Աբօ Չափարեան՝ «Ազատ մամուլին դերը եւ առաքելութիւնը արագընթաց փոփոխութեան ենթակայ տեղեկատուական դաշտէն ներս» նիւթով: Ան ընդգծեց կարեւորութիւնը մամուլին դերակատարութեան՝ ընթերցողը սուտը ճշմարիտէն զանազանելու գործին մէջ ու դիտել տուաւ, որ մամուլը նաեւ զարգացման աղբիւր է:
Հայ մամուլի համահայկական համաժողովը երեկոյեան աւարտեց իր օրուան նիստերը, որմէ ետք մասնակցողները մեկնեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, ուր ներկայ գտնուեցան «Հայ պարի երեկոյ»ին: