ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յանցանքի մը իբրեւ հետեւանք, պատիժ կրելու որոշումը մարդիկ միշտ դժկամակութեամբ կ՛ընդունին: «Ի՞նչ ըրած եմ որ», «սխալս ո՞ւր էր», «ես պիտի բողոքեմ» ըսելով, մարդիկ միշտ ալ պատրաստ են իրենց իմացած ձեւով արդարութիւնը վերականգնելու փորձեր կատարելու: Ասիկա այնպիսի երեւոյթ մըն է, որ մարդուն բնազդին մէջ կը գտնուի արմատացած եւ շատ վաղ տարիքէն կը յայտնէ իր ինքնութիւնը:
Մանուկները նոյնիսկ եթէ յանցաւոր ըլլան իրենց կատարած սխալ արարքի մը համար, շուտով ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն: Անոնց մեծ մասը լռութեամբ կամ թաքնուելով կը պաշտպանուի: Տեսած էք հաւանաբար, թէ ինչպէս անոնցմէ շատերը լուռ կը մնան երբ ծնողքը կամ դաստիարակներ յանդիմանեն զիրենք: Յոռեգոյն պարագային լացի ուժին կը դիմեն անոնք, իրենց տրամաբանութեամբ ծնողքին կամ դաստիարակներուն գութը շարժելու համար: Այլապէս գլուխնին հակած եւ իրենց նայուածքը գետին սեւեռած, կը սպասեն յանդիմանութեան աւարտին:
Աւելի յարձակողապաշտ կամ մանուկներու համար տարածում գտած բառով մը՝ շփացած երեխաներ կը պատասխանեն զիրենք յանդիմանողներուն, ինքնապաշտպանութեան միախառնելով ստախօսութիւն, գէթ այդ աննպաստ պահէն իրենց անձը փրկելու համար: Մասնագէտ մանկավարժներ ներողամտութեամբ չե՛ն մօտենար այս հարցին, որովհետեւ հետագային շատ ցաւալի հետեւանքներ ի յայտ պիտի գան: Ծնողքին գութը երբեմն սխալ ազդեցութիւն կ՛ունենայ, եւ երեխան տեսնելով որ ծնողքը ներողամիտ գտնուեցաւ, կը քաջալերուի իր ստախօսութեան մէջ, աւելի համարձակ խօսելով յաջորդ սուտը:
Միամօր զաւակներ յատկապէս այս փորձութենէն կ՛անցնին: Ուրիշ երեխայ չունենալով կամ շատ ուշ գէթ մէկ զաւակով բախտաւորուած ըլլալով, ծնողներ չափազանց դիւրութիւններ կու տան իրենց զաւակին, չմերժելով նոյնիսկ անոր առաջարկներէն կամ պահանջներէն որեւէ մէկը: Մանուկը իր առջեւ այլեւս ո՛չ մէկ արգելք կը տեսնէ եւ իր չափահաս կեանքին մտնելով, շրջապատին մէջ գտնուող բոլոր անձերը իր մատներուն վրայ ամրացուած պարաններով խամաճիկի պէս պարեցնելու փորձեր կը կատարէ: Անշուշտ որոշ ժամանակ կը յաջողի ան, նոյնիսկ մեծ փորձագէտի կամ յաջող առեւտրականի համբաւ շահելով: Սակայն շուտով անոր գործերը թաւալգլոր կ՛իյնան գետին, խարդախութիւններու թղթածրարը կը գիրնայ անզսպելի արագութեամբ, եւ անոր նոր ծրագիրները կը դառնան անկանխատեսելի:
Ծանօթ անձնաւորութիւն մը կը պատմէր, թէ ճանչցեր էր նման խարդախ մէկը, որ իր ընտանեկան հարազատին ալ խաբեր էր, միասնական գործի ծրագիր առաջարկելով, ապա անոր ամբողջ ներդրած գումարը յափշտակեր ու իւրացուցած էր: Զայն ճանչցողը կ՛ըսէր, թէ ծնողներն են յանցաւոր այս հարցին մէջ, որովհետեւ մանուկ տարիքէն երեխան շփացուցած էին, «ո՛չ» բառը ջնջելով անոր առձեռն բառարանէն, մարդկային ընկերութեան համար մանուկ հրէշ մը կազմաւորելով:
Ներկայ մանկավարժութիւնը «ծեծ» ու «վախ» բառերը կը փոխարինէ «պատժամիջոցներ» բառով, առաջին երկուքին տալով ժխտական եւ վտանգաւոր որակում: Ամբողջութեամբ համաձայն ենք, որովհետեւ անասուններու դաստիարակութեան համար օգտագործուող երկու հիմնական միջոցներն են անոնք: Ուրեմն, բանաւոր էակին համար նման միջոցներ ձեռք առնելը յիմարութիւն է: Վերոյիշեալ պատժամիջոցներուն մէջ կը մտնեն զրկանքի տեսակներ, որոնք անպայման սնունդէ կամ լուսաւոր սենեակէ զրկուիլ չեն նշանակեր: Անցեալին մութ սենեակներ կ՛ունենային դպրոցները, աստիճաններուն ներքեւ կամ շէնքի նկուղային մասերուն մէջ, որոնք նաեւ կը կոչուէին «մուկերու սենեակ»: Հազար փառք որ այդ օրերը անցան, թէեւ աւագ սերունդի պատկանողներէն շատեր, որոնք դեռ կենդանի են, համտեսած են այդ վախերուն ամէնէն դաժան տեսակները:
Ընդհանուր մտավախութիւն մը կայ սակայն: Արդեօք պիտի գա՞յ օր մը, երբ մարդիկ չգիտնան թէ ծեծը ի՞նչ է կամ բնա՛ւ վախ չունենան: Աստուծմէ չվախնալու երեւոյթը, որ սկսած է տարածում գտնելու, ամէն տեսակի չարիք գործելու ատակ դարձուցեր է մարդը:
Շատ վաղ անցեալին պատահած դէպք մը՝ բարոյական պատմուածքի ձեւին տակ, մինչեւ այսօր իր արժէքը պահած է իբրեւ օրինակ: Գիւղաքաղաքի մը մէջ կատարուած յանցագործութեան մը համար անձ մը կը տարուի դատաւորին քով, որ ենթական հարցաքննելէ ետք կ՛որոշէ քառասուն մտրակի հարուած: Յանցագործը այս լսելով, կը սկսի բարձրաձայն ծիծաղելու: Դատին ներկայ գտնուող բոլոր անձերը ապշահար կը նային մէյ մը դատաւորին եւ մէյ մը դատուողին: Դատաւորին դէմքին վրայ զարմանքի արտայայտութիւնը կը քաջալերէ ամբոխը, որ խնդրէ անկէ հարցնել դատապարտեալին, անոր ծիծաղին պատճառը: Տրուած հարցումին դարձեալ ծիծաղով կը պատասխանէ ենթական: Այս անգամ դատաւորը զաւեշտախառն ոճով կ՛ըսէ անոր. «Դուն կա՛մ մտրակին ինչ ըլլալը չես գիտեր, կամ ալ՝ հաշիւ չես գիտեր», ակնարկելով անոր ստանալիք մտրակի քառասուն հարուածներուն:
Արդեօք պիտի գա՞ն այնպիսի օրեր, երբ բարոյական պատժամիջոցները ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունենան չարագործ, նենգամիտ, խարդախ, խաբեբայ եւ ոճրագործ մարդոց վրայ…: Արդէն աշխարհի վախճանը մօտալուտ պէտք է համարել, եթէ հասնինք այդ աստիճանին:
Բարոյական խրատները մարդիկ կը սկսին լսելու իրենց ամէնէն վաղ տարիքէն: Ինչ տարիքի ալ հասնին, մարդիկ իրենց ականջներուն մէջ դեռ կը լսեն իրենց ծնողներուն բարի խրատներուն շշնչիւնը, դպրոցի դաստիարակներուն զգուշացման կոչերը, յանդիմանութիւնները, երբեմն բարոյական պատիժները, որոնք իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին ներգործող ազդեցութիւն կ՛ունենան: Այդ շշնչիւնն է որ երբեմն կը կանխէ մեծ յանցագործութիւններ, որոնք աղէտ կրնային դառնալ մեծ զանգուածներու:
Ծեծի վախը եթէ ընդհանրապէս վերցուեր է ներկայ մանկավարժական կանոնագիրքէն, սակայն անոր փոխարէն գոնէ հաշիւ պէտք է սորվեցուի մանուկներուն, այսինքն իրենց կրելիք պատիժին երկարատեւ ըլլալուն հանգամանքը: Վերոյիշեալ պատմուածքին մէջ, դատուող անձը որ մտրակին ինչ ըլլալը չէր գիտեր, եթէ հաշիւ գիտնար, պէտք է սարսափէր իր կրելիք պատիժին քառասուն անգամ կրկնուելէն:
Թուաբանութեան եւ ուսողութեան որքա՜ն կարեւորութիւն կը տրուի ներկայ ուսումնական ծրագիրներուն մէջ, մինչեւ իսկ մասնագիտական բարձրագոյն վկայականներ եւ մրցանակներ կը շնորհուին այս մարզին մէջ առաջնակարգ ուսանողներուն: Այդ ուսման առաջին մրցանակը պէտք է տրուի բարոյական հաշիւ իմացող ուսանողներուն, որովհետեւ հիւլէական ռումբը շինող գիտնականն ալ հաշիւներով կը զարգացնէ իր գործը, փոխյարաբերական կեանքի մէջ բարոյականութիւն կերտողն ալ նոյնպէս հաշիւներով կը ղեկավարէ մարդկութեան առօրեան:
«Բարոյական գումարներ»ու հաշուապահ դառնալու համար բարոյական բարձրութիւն պէտք է ունենայ տուեալ ենթական, այլապէս ամէնէն արդիական հաշուիչ մեքենան ալ անլուծելի կը համարէ ներկայացուած հաշիւը, խանգարելով մարդկային ընկերութեան կեանքին անդորրը: