ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը հաղորդեց, որ Երեքշաբթի, 25 Յունիսին, Բարձրագոյն ուսման յանձնախումբը վաւերացուց Փորթանթինոյի կողմէ ներկայացուած թիւ 568 բանաձեւը, որուն նպատակն է հոգալ Հայոց Ցեղասպանութեան առիթով Ապրիլ 24ին Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճը փակ պահելու ծախսերը։
Վաւերացման քուէին նպաստեց յատկապէս Կլենտէյլի քոլեճի տնօրէն Տէյվիտ Վիարի տուած վկայութիւնը եւ անոր արտայայտած զօրակցութիւնը։
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ ներկայ օրէնքներով, նահանգի իշխանութիւնները պիտի չվճարեն այդ օրուան համար նախատեսուած գումարը, եթէ քոլեճը փակ մնայ։ Վնասը կը գնահատուի մօտաւորապէս 500,000 տոլարով։
Փորթանթիօ կը յայտնէ, թէ քոլեճը պէտք չէ նիւթական վնաս կրէ Ապրիլ 24ին համալսարանը փակելու որոշումին համար, որուն նպատակն է յարգել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, բան մը, որ յոյժ կարեւոր է համայնքին ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։