ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Արաքս Սարեան՝ դուստրը Աշոտ եւ Մարի Պաղտասարեաններու ծնած է Նոր Ջուղա, Պարսկաստան: Ան կու գայ երկար շարքէ մը բժիշկներու եւ դեղագործներու ընտանիքէն, հօր կողմէ, եւ շատ յաջող վաճառականներէ՝ մօր կողմէ:
Արաքսը մահկանացուն կնքեց 27 Մայիսին, Սան Ֆրանսիսքոյի իր տան մէջ:
Արաքսը կորսնցուցած է իր մայրը երբ 10 տարեկան էր. այս ցաւալի պատահարը կերտեց իր երիտասարդ կեանքը եւ մղեց զինք դէպի ստեղծագործական աշխարհը բանաստեղծութեան, ասմունքի ու արուեստի զանազան մարզերու։ Մենք այսօր կը ճանչնանք ու կը գնահատենք անոր արուեստը:
Ան երիտասարդական այդ շրջանին ապրուստի համար ասպարէզ ընդունեց կանացի դերձակութեան արուեստը, զոր հազուագիւտ երեւոյթ էր պարսկաստանի մէջ 1940ական թուականներուն:
Արաքսը երբ օր մը կը քալեր Թեհրանի փողոցներէն մէկուն վրայ, յանկարծ Հայկ Յովակիմեանին ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Ան կը սիրահարի եւ իր բարեկամին դառնալով կը հարցնէ ինքնութիւնը այս գեղեցիկ կնոջ։ Հայկ կը դիմէ Արաքսի ընտանեկան պարագաներուն, եւ վերջապէս կը յաջողի համոզել Արաքսին որպէսզի ամուսնանայ իր հետ։ Ծանօթացումէն ետք անոնք կ՛ամուսնանան, ապա կը փոխադրուին Ամերիկա ու կը սկսին նոր կեանքի մը:
1949ին, երբ Սան Ֆրանսիսքօ կը հաստատուին, Արաքս անմիջապէս գործ կը գտնէ City of Paris վաճառատան մէջ՝ իբրեւ դերձակուհի։ Շուտով ան բարձր գնահատանքի արժանանալով՝ կը ստանայ նախանձելի նիւթական վարձատրութիւն: Ան իր ազգականներէն շատերը կը բերէ Ամերիկա եւ նիւթապէս ու բարոյապէս կ՛օգնէ բոլորին: Ան նաեւ կը հետեւի կալուածներու ու տուներու առուծախի գործին, ուր նաեւ կը յաջողի ներդրումներ կատարել զանազան տուներու ու շէնքերու մէջ:
Արաքս եւ Հայկ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Ռիթա եւ Մելվին: Արաքս շուտով կը դառնայ մեր գաղութի կարկառուն դէմքերէն մէկը իր ծառայութեամբ ու իր տաղանդներով։ Ան ի գործ կը դնէ իր բնածին յատկութիւնները ու իր անձնական ուժերով կ՛օգնէ գաղութի զանազան գեղարուեստական աշխատանքներով: Ան ամբողջ քսան տարի մասնակից կ՛ըլլայ գաղութի «Հայ Ռատիօ Ժամ»ի ձայնասփռումներուն: 1973ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համազգային Հայ Մշակութային Եւ Կրթական Միութեան հիմնադրութեան եւ կը ծառայէ երկար տարիներ իբրեւ վարչական: Ան որպէս տաղանդաւոր դերասանուհի իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ զանազան թատրոններու, ինչպէս՝ Լեւոն Շանթի «Ինկած Բերդի Իշխանուհին», «Կայսրը» ու «Մատամ X» թատերախաղերուն մէջ, հանրութեան կողմէ արժանանալով մեծ գնահատանքի։
Նոյն ատեն, 35 երկար տարիներու ընթացքին ունեցած է բեղուն գործունէութիւն Հայ Օգնութեան Միութեան մէջ, քառասուն երկար տարիներ մաս կազմած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան եւ եղած է 14 տարի ատենապետը այդ միութեան: Առաւել այս աշխատանքներուն հիմնադիրը եղած է ան երէց հայրենակիցներու ամսական դրութեամբ ճաշկերոյթ-ձեռնարկներու, պատասխանատուն եղած է ճաշերու պատրաստութեան ու իրենց յատուկ յայտագիրներու պատրաստութեան: Ան սիրով ու ոգեւորութեամբ ծրագրած է յայտագիրներու ձեւաւորումները, երաժշտութիւնը, երգը, արտասանութիւնները ապա վիճակահանութիւնը:
Արաքսին արժանացած է նաեւ պատուոյ շքանշաններու ու վկայագիրներու: Ան 2004ին, մայրերու օրուան առիթով ընտրուած է նաեւ «Տարուայ մայր»ը հայ գաղութին կողմէ: Ան ներկայացուցած է զանազան դասախօսութիւններ, որոնց կարգին՝ «Պատմութիւնը Պարսկաստանի հայութեան վերջին 400 տարիներուն ընթացքին» նիւթով:
Ան մասնակից դարձած է հայ գաղութի գրեթէ բոլոր աշխատանքներուն, իր կեանքը նուիրած է հայ եկեղեցւոյ ու գաղութի բարգաւաճման:
Ինչպէս բոլորս, Արաքսին ալ ունէր իր մէկ տկար կողմը. ան չէր ուզեր յայտնել իր տարիքը ոեւէ մէկուն: Շուրջ 30 տարի առաջ, որոշուած էր տօնել իր ծննդեան տարեդարձը։ Անոր փափաքով ես պէտք էր ըլլայի օրուան հանդիսավարը եւ իր կեանքը ներկայացնողը։ Հանդիսութեան նախորդող գիշերը հանդիպեցանք իր տան մէջ, պէտք եղած տեղեկութիւնները պատրաստելու։ Երբ կարգը եկաւ տարիքին՝ մերժեց տալ տարին, տուաւ օրն ու ամիսը միայն։ Անոր ըսի. «Արաքս ջան. չ՛ըլլար, ի՞նչ կըսեն մարդիկ». պատասխանը եղաւ. «Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի. պէտք չունին գիտնալու տարիքս»: Յաջորդ գիշեր սկսաւ հանդիսութիւնը։ Սկսայ իմ պարտականութիւնը կատարելու՝ ներկայացնելով իր կեանքն ու գործունէութիւնը, բայց տեղ մը հասայ, որ պէտք էր յիշէի իր ծննդեան քաղաքն ու թուականը եւ ըսի Արաքս Սարեան ծնած է Նոր Ջուղա, Պարսկաստան։ Նայեցայ անոր. Արաքսը սկսաւ ցուցամատով սպառնալ ինծի։ Շարունակելով՝ ըսի. «Մարտ ութը»։ Տեսայ սպառնալիքի սաստկացումը եւ ըսի. «Մարտ 8ին, իրեն յարմարած տարին», առաջին ծափահարողներէն մին ինքն էր, գոհ էր, ուրախ էր Արաքսը: Ուրեմն, Արաքս Սարեան ծնած է 8 Մարտ 1921ին։
Արաքսին դուստրը՝ Ռիթա Յովակիմեան ընթերցեց Ճորճ Պերնար Շոյի հետեւեալ գրութիւնը, որ կը պարփակէ Արաքսի շնորհքն ու լինելիութիւնը. «Այս մեծ ուրախութիւնն է կեանքի, նպատակի մը համար գործածուիլ, ըլլալ բնածին ուժ մը: Այն կարծիքը ունիմ, որ իմ կեանքը կը պատկանի ամբողջ գաղութին, մինչեւ այն ատեն երբ կ՛ապրիմ: Իմ մենաշնորհս է գործադրել զայն որքան որ կրնամ, տեսակ մը շքեղ եւ փառաւոր ջահ մը, զոր կը պահեմ այս վայրկեանիս եւ կ՛ուզեմ, որ փայլի մշտնջենական եւ յարատեւօրէն, որքան որ կրնամ, մինչեւ այդ ջահը յանձնեմ յաջորդ սերունդին»: