ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Այս յօդուածին գլխաւոր նպատակը շեշտելն է անհրաժեշտութիւնը մեծ թիւով գիտակից ու գործունեայ քաղաքացիներու ներկայութիւնը մեր հայրենիքին մէջ: Քաղաքացիի օրը կը գործածուի որպէս առիթ՝ նիւթը արծարծելու:
Ա. ՔԱՂԱՔԱՑԻԻ ՕՐ
Ապրիլ 27ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերուն եւ քաղաքներուն ու Երեւանի մէջ, առաջին անգամն ըլլալով տօնուեցաւ Քաղաքացիի օրը: Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ ծրագրուած էր գործադրել ծառատնկութիւն Սարեան պուրակին մէջ, մարզական ձեռնարկներ, հանրային քննարկում «իրազեկ քաղաքացի»ի մասին, նկարիչներու ստեղծագործութիւններու, կաւագործութեան ու գորգարուեստի ցուցադրութիւն եւ վաճառք, բնապահպանական ձեռնարկ «Էկօ-քաղաք» նիւթով, մանուկներու համար տիկնիկային ներկայացումներ, մանկական կաւճանկարչութիւն, ազգագրական համերգային ծրագիր, ֆիլմի ցուցադրութիւն եւ տօնական օրուան եզրափակիչ ձեռնարկ՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ:
Առաջին անգամ տօնուող Քաղաքացիի օրը տօնելու վերաբերեալ լսուեցան տարբեր եւ իրար հակասող կարծիքներ: Նշեմ հակառակ եղողներուն կարգ մը քննադատութիւնները: Առաջին՝ քաղաքացիի օրուան տօնը ստեղծուած է պարզապէս Նիկոլ Փաշինեանը ու իր շրջապատը փառափանելու համար: Երկրորդ՝ մեծ գումարներ ծախսուեցան օրը տօնելու համար, երբ անդին երկրին մէջ կան անօթիներ ու ծայրայեղ աղքատներ: Երրորդ՝ օրուան բովանդակութիւնը մակերեսային էր, կեդրոնանալով ուտելու եւ խմելու վրայ: Չորրորդ՝ վարչապետ Փաշինեան փողոցին վրայ, ժողովուրդին մէջ, խորոված եփեց ու կերաւ: Հինգերորդ՝ աշխարհի մէջ ուրիշ երկիր չկայ, որ այս տեսակ տօն ունի, եւ այլն:
Քաղաքացիի օրը տօնելու համաձայն եղողները, գլխաւորապէս կեդրոնացան գիտակից քաղաքացիին վրայ: Մէջբերեմ խօսքերը Սարհատ Պետրոսեանի, որ անցեալ տասնամեակին երկիրը բարելաւելու համար, ժողովրդային մակարդակով պայքարող երիտասարդ էր, իսկ ներկայիս «Կատասդրի կոմիտէ»ի ղեկավարն է: Իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ, ան Քաղաքացիի օրը ներկայացուց հետեւեալ ձեւով.
«ա. Այն, հնարաւորութիւն է տալիս արժեւորել 2000ականների սկիզբների ձեւաւորած քաղաքացիական շարժումներն ու դրանց արդիւնքում ձեւաւորած համընդհանուր արժէքային համակարգն ու անհատական գիտակցութիւնը,
բ. Մէկ անգամ եւս վերագնահատել նախորդ տարուայ իրադարձութիւնների կարեւորութիւնն ու նախորդ կէտով նշուած գիտակցութեան կիրառական նշանակութիւնը,
գ. Եւ ամենակարեւորը, որ քաղաքացին ցանկացած պահի նախորդ երկու կէտերով նշուած շերտերի ձեռքբերումները կարող է եւ պէտք է կիրառի ցանկացած իշխանութեան հանդէպ, որը կը շեղուի քաղաքացիների համընդհանուր արժէքներից ու շահերից»:
Անցնող 10 տարուան ընթացքին հասարակական շարժումներուն մէջ պայքարող երիտասարդներուն, միայն մէկ մասը կը պատկանի Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան: Մնացեալ գործիչներէն մաս մը կը պատկանին ուրիշ կուսակցութիւններու կամ կազմակերպութիւններու, իսկ ոմանք ալ անկախ են: Փաշինեանի կուսակցութենէն դուրս գտնուող գործիչներուն մէկ կարեւոր մասը քննադատական կեցուածք ունի Փաշինեանի կառավարութեան կարգ մը որոշումներուն հանդէպ: Սակայն, իմ տպաւորութիւնս այն է, թէ անոնց մեծ մասը դէմ չէր Քաղաքացիի տօնին, քննադատելով հանդերձ տօնակատարութեան կարգ մը երեսները:
Օրինակ, Վահրամ Սողոմոնեան, որ Մաշտոցի պուրակի պայքարի օրերէն գործունեայ եղած է, Փաշինեանի կառավարութեան ներկայացուցած համահարթ եկամտահարկը զօրաւոր քննադատողներէն է ու «Կրթական քաղաքացիական նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան պատասխանատուն եւ «Քաղաքական դիսկուրս» համացանցային, քննարկումներու հարթակի պատասխանատուներէն մէկն է, իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրեց հետեւեալը. «Իրականում Քաղաքացու օրը նշելու որոշումն ամենայաջողուած որոշումներից մեկն է՝ տիրապետող դիսկուրսը (բանավէճը-Խմբ.) յաղթահարելու համատեքստում (պարունակին մէջ-Խմբ.): Ժամանակի հետ այն կը լցուի աւելի խորը բովանդակութեամբ»:
Բ. ԱԶԱՏ ԵՒ ԳԻՏԱԿԻՑ ՔԱՂԱՔԱՑԻ
Ինչպէ՞ս կարելի է բնութագրել ազատ ու գիտակից քաղաքացին: Իմ կարծիքով՝ ազատ ու գիտակից քաղաքացին տէրն է իր իրաւասութիւններուն եւ կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները երկրին հանդէպ: Աւելի խստապահանջ ըլլալով՝ կրնանք ըսել, թէ ազատ քաղաքացին կ՛ընտրէ կեցուածք՝ հարցերու հանդէպ ու կ՛որդեգրէ դիրքորոշում, յիշեցնելով Ժան Փոլ Սարթրի էկզիստենցիալիզմը (գոյութենապաշտութիւնը-Խմբ.):
Հաւանաբար գիտակից քաղաքացիին գլխաւոր յատկութիւններէն մէկը անհոգ չըլլալն է եւ կարեւորութիւն տալն է իր շրջապատին, երկրին ու անոր դիմագրաւած մեծ ու փոքր մարտահրաւէրներուն, եւ հաւատալը, որ կարելի է բարելաւել կացութիւնը:
Յստակացնելու համար, թէ ո՛վ է ազատ եւ գիտակից քաղաքացին, օգտակար կրնայ ըլլալ ներկայացնել տիպար քաղաքացիի գործունէութենէն օրինակներ.
– Բոլոր ընտրութիւններուն կը մասնակցի ու կու տայ իր քուէն:
– Մօտէն կը հետեւի, նոյնիսկ կը փորձէ ներկայ գտնուիլ իր քաղաքի կամ համայնքի աւագանիի/քաղաքապետարանի գործունէութեան ու կը հսկէ, որպէսզի կառավարական մարմինները հարկատուներուն տուած հարկերը ճիշդ ձեւով ծախսեն ու մսխում տեղի չունենայ:
– Ամէն տեսակի հարկերու իր պարտաւորութիւնը կը կատարէ:
– Տէրը կը զգայ իր երկրին: Ո՛չ միայն կը զգայ, թէ շէնքին մէջ իր յարկաբաժինը իրեն կը պատկանի ու անոր հոգ կը տանի, այլ նաեւ՝ շէնքին աստիճաններուն, շէնքին մուտքին, եւ այլն: Համայնքային տարածքները, ըլլան անոնք բակեր, փողոցներ, այգիներ, անտառներ եւ այլն կը փորձէ պահել մաքուր ու նախանձախնդիր կ՛ըլլայ, որպէսզի որեւէ բան չկոտրի, չաւերուի կամ չաղտոտի: Օրինակ, եթէ փողոցին վրայ կայ մեծ փոս մը, լուր կու տայ քաղաքապետարանին, որպէսզի այդ փոսը լեցուի:
– Երբ տեղեակ ըլլայ ոեւէ մէկուն կողմէ օրէնքի խախտումի մը մասին, չարաշահումին, եւ այլն, կը բացայայտէ:
– Իր իրաւունքներուն մասին տեղեակ կ՛ըլլայ ու զանոնք կը պաշտպանէ՝ անհատապէս թէ կազմակերպութիւններու միջոցաւ:
– Կը ծառայէ պետական հասարակական խորհուրդներու եւ յանձնաժողովներու մէջ, որոնք բազմաթիւ են, ինչպէս՝ Հայաստանի ոստիկանութեան պետին կից հասարակական խորհրուդը:
Խորհրդային Միութեան ժամանակ, պետութիւնէն գողնալը քաջագործութիւն էր: Ժողովուրդին մեծ մասը հաւատք չունէր, թէ ինքնակազմակերպուելով կարելի է երկիրին կացութեան մէջ փոփոխութիւն մտցնել: Իրենց վերաբերող որոշումներու կայացման մէջ մասնակից չէին: Հաւատք չունէին, թէ կրնան նուաճել իրենց սեփական իրաւունքները: Ուրիշ խօսքով՝ ժողովրդային մակարդակով գործունէութեան ու պայքարի չէին հաւատար: Սակայն վերջին տասը տարիներուն, մէջտեղ եկաւ նոր սերունդ մը, որ հաւատաց ժողովրդային մակարդակի պայքարին ու տէր կանգնեցաւ իր երկրին ու իրաւունքներուն: Անիկա ապահովեց յաջողութիւններ, որոնք աւելի խանդավառեցին ու բազմացուցին թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք տէրը զգացին երկիրին ու կարեւորութիւն տուին իրենց շրջապատին ու հաւատացին փոփոխութեան կարելիութեան: Նշենք անոնց ունեցած յաջողութիւններէն քանի մը հատը.
– Թոյլ չտուին, որ Մաշտոց պուրակի կանաչապատ բաժինը քանդուի եւ հոն շինարարութիւն ըլլայ:
– «Կինօ Մոսկուա»ի յետնաբակին մէջ գտնուող ամառնային դահլիճի պահպանումը: Այս բացօթեայ մօտաւորապէս 900 աթոռ ունեցող շարժապատկերի սրահը, 2010ի սկիզբներուն կառավարութիւնը որոշեց հանել յուշարձաններու ցանկէն, որմով կարելի պիտի ըլլար քանդել եւ նոր շինարարութիւն ընել: Խումբ մը երիտասարդ գիտակից քաղաքացիներ, կարեւորութիւն տալով Երեւանի դիմագիծը պահպանող այդ բացօթեայ դահլիճին ու հաւատալով, թէ կարելի է կասեցնել անոր քանդումը, իրենց ժամանակը տրամադրելով՝ կազմակերպեցին ցոյցեր ու բողոքներ եւ կրցան կասեցնել դահլիճին քանդումը:
– Լոռիի մարզին մէջ գտնուող, Թռչկան ջրվէժի յաջողած պայքարը: Շինարարութեան պատճառով այս բնական յուշարձանին ապագան վտանգուած էր: Երիտասարդ քաղաքացիներ դէմ կեցան ու կասեցուցին աշխատանքները, փրկելով ջրվէժը:
– Հանրակառքերով փոխադրութեան գինը 100 դրամէն 150 դրամի բարձրացնելու դէմ եղած յաջող պայքարը:
– Պայքար ընդդէմ՝ ամբողջութեամբ ֆինանսական շուկաներուն վրայ հիմնուած կենսաթոշակի համակարգի մը որդեգրումին: Այս պայքարը ունեցաւ յաղթանակ, յետաձգելով կենսաթոշակի շուկայական համակարգի որդեգրումը: Այս պայքարը ծանօթ է իբրեւ պարտադիր կուտակայինի դէմ պայքար:
– Ելեկտրականութեան գինին բարձրացման դէմ պայքար, ծանօթ «Ելեկտրիկ Երեւան» անունով:
Շատ հաւանաբար Ապրիլ 2018ի խաղաղ յեղափոխութիւնը չէր յաջողեր, եթէ տեղի ունեցած չըլլային նախորդ տասնամեակի բազմաթիւ ժողովրդային պայքարները, որոնց ընթացքին երիտասարդ գիտակից քաղաքացիներու մեծ թիւ մը թրծուեցաւ:
Գ. ՆԵՐԿԱՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՆ
Անցնող տասնամեակին, փողոցի վրայ գործնական պայքար տանելով փորձառութիւն շահած այս գիտակից քաղաքացիները այսօր գործունեայ են կուսակցութիւններու, հասարակական շարժումներու մէջ, ինչպէս՝ բնապահպանական, իսկ ուրիշներ կը գործեն անկախ: Անոնք կը հաւատան, թէ իրենց թիւը այնքան շատ է, որ կարելի չէ վերադառնալ 2018ի նախաապրիլեան օրերուն:
Կը կարծեմ կարեւոր է տեսնել, նաեւ գիտակցիլ այս ազատ ու գիտակից քաղաքացիներուն ներկայութեան Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ եւ անոնց ունեցած կարեւոր դերակատարութեան: Ներկայիս, իմ կարծիքով, մարտահրաւէրը աւելիով բազմացնելն է այս երիտասարդ ու գիտակից քաղաքացիներուն թիւը, որպէսզի մեր հայրենիքին մէջ օրէնքը աւելիով դառնայ գերակայ, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը աւելիով հաստատուի ու երկիրը բարգաւաճի: Այս իրագործելու համար՝ պէտք է կեդրոնանալ պատանիներուն ու երիտասարդներուն վրայ ու փոքր տարիքէն անոնց մէջ մտցնել օրէնքի գերակայութեան եւ երկրին տէրը ըլլալու զգացումները, բազմաթիւ ուրիշ կարեւոր զգացումներու կողքին, քանի որ հասուն անձերու մտածելակերպը փոխելը շատ դժուար է:
Ապագային հանդէպ լաւատեսութեանս աղբիւրը անցնող տասը տարիներուն երիտասարդ գիտակից քաղաքացիներն են, որոնք վերը նշուած բազմաթիւ քաղաքացիական պայքարները տարած են: Անոնք ոչ միայն ներկայիս գործունեայ են պետական մարմիններու, կուսակցութիւններու եւ հասարակական շարժումներու մէջ, ոչ միայն տէրն են իրենց իրաւասութիւններուն եւ կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները ու կը բարելաւեն հայրենիքը, այլ նաեւ սկսած են ամուսնանալու ու ունենալու զաւակներ՝ անոնց փոխանցելով գիտակից քաղաքացիի հասկացողութիւնը։ Այդ զաւակները ապագային տէր պիտի կանգնին մեր հայրենիքին ու զարգացնեն զայն: Յօդուածս կ՛ուզեմ վերջացնել, այս երիտասարդ գիտակից քաղաքացիներէն մէկուն, Սերկէյ Ղահրամանեանին, 27 Ապրիլին, իր «Ֆէսյպուք»ի էջին վրայ դրած գրութիւնը արտատպելով։ Անիկա Քաղաքացիի տօնին առթիւ ու իր փոքր աղջկան՝ Սոֆիային մասին է: Ըսեմ, թէ Ղահրամանեան ներկայի կառավարութեան շրջանակին չի պատկանիր: Ստորեւ՝ գրառումը.
«Քաղաքացուս տօնը շնորհաւոր:
Քանի որ գիտէինք, որ Մաշտոցի պողոտան փակ ա լինելու մեքենաների համար, մեքենան հեռու կանգնացրեցինք հեռու մի տեղ ու ոտքով իջնում էինք Մատենադարանից սկսած:
Հասանք Մաշտոց-Իսահակեան խաչմերուկի մօտ. Սոֆիայիս աչքը ընկաւ հետիոտնի լուսացոյցի վրայ. կարմիր էր։ Այդ նոյն պահին, մօտ 4-6 մարդ էր կանգնած մայթին ու ոտքերը դրեցին փողոցի վրայ, այսպէս ասած՝ առաջին քայլը դրեցին (այսպէս ասած՝ ահել-ջահել էին անցորդները, բայց չեմ կարող ասել՝ անցնելո՞ւ էին փողոցը թէ ոչ. ամէն դէպքում, մէկ քայլ արուած էր) ու մի պահ անդորր տիրեց ու Սոֆիաս ասաց.
– Պապա կարմիր ա, պէտք ա կանգնենք:
Թէ պատկերացրեք անցորդների վիճակը, կանգ առան ու նայեցին Սոֆիային։
Մի քանի վայրկեան յետոյ էլի ասեց.
– Պապա կարմիր ա, սպասում ենք։
Էլի նայեցին Սոֆիային ու գլխով արեցին անցորդները, որ «սպասում ենք»։
Լուսացոյցը փոխեց կանաչ ու Սոֆիան ասեց.
– Պապա կանաչ. գնացինք։
Շնորհաւորում եմ նման քաղաքացիների տօնը, երկիրը իրենցը պէտք ա լինի, իրենք պէտք է երկիրը ներկայացնեն ու շէնացնեն: Էդքան բան։
Եթէ քաղաքացի, ապա միայն իրաւագիտակցութեան բարձր մակարդակով, կիրթ եւ օրինապահ:
Թէ չէ՝ կա՞ն չէ. հա լաւ, էս անգամ էդ մասին չեմ ասում։
Իմ համար Հայաստանի հպարտ քաղաքացին այն քաղաքացին է, ով յարգում է Հայաստանի սահմանադրութիւնը, օրէնքները, պահպանում է համակեցութեան կանոնները, իր գոյութեամբ ոչ միայն չի վնասում հասարակութեանը, այլեւ մի բան էլ օգնում է, պահանջատէր է եւ միեւնոյն ժամանակ՝ պատասխանատու:
Բարդ ա գիտեմ, բայց ստիպելով էլ պէտք ա հասցնենք դրան, թէ չէ՝ Գերմանիա, Շուեդիա, Նորվեգիա ոնց են հասել դրան։ Կարճ ասաձ որակով քաղաքացի մինչեւ չունենանք, շատ յաջողութիւններ չենք գրանցի երկրի ակտիւում (հաշւոյն-Խմբ.)։
Խմենք գիտակից եւ պահանջատէր քաղաքացու կենացը։
Իմ համար այդ քաղաքացին Սոֆիան ա»։