ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շուտով կը սկսին տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններու Պատուոյ նախագահութիւնը վայելող ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ Մարզախաղերու եզրափակիչ մրցումները եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները՝ Յաղթանակի պարահանդէս, Նաւասարդեանի բացման եւ Փակման հանդիսութիւններ եւ չորսօրեայ փառատօնը:
Ընդհանուր ակնարկ մը նետելով երիտասարդական գեղեցիկ այս նախաձեռնութիւններուն վրայ՝ հանրութեան կ՛ուզենք փոխանցել, թէ Կիրակի, 30 Յունիս 2019ի երեկոյեան, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ արդէն իսկ երկար տարիներու սովորութիւն դարձած Նաւասարդեանի յաղթանակի պարահանդէսը, որուն ընթացքին Էշկիեան զոյգը պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ պատուոյ նախագահութիւնը, շրջանին մէջ տարուան մեծագոյն հայկական երիտասարդական նախաձեռնութեան, որ իր աւարտին պիտի հասնի Շաբաթ, 6 Յունիսի կէս գիշերին: Այս ձեռնարկով չի սահմանափակուիր Էշկիեաններու պատասխանատուութիւնը շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին նկատմամբ: Անոնք ամբողջ մէկ տարի, իրենց զօրակցութեամբ ներկայ պիտի ըլլան եւ իրենց կարեւոր ներդրումը պիտի բերեն այս մեծ կազմակերպութեան յառաջդիմութեան, եւ այնուհետեւ, միանալով ՀՄԸՄի Պատուոյ նախագահներու փաղանգին՝ պիտի շարունակեն իրենց օգտակարութիւնը ՀՄԸՄին: Այս ձեռնարկին պիտի պարգեւատրուի նաեւ տարուան Տիպար ՀՄԸՄական Վարդգէս Շխրտըմեանը:
Պարահանդէսը նաեւ գեղեցիկ առիթ պիտի հանդիսանայ համախմբելու ՀՄԸՄի բոլոր սերունդները, որոնք միասնաբար պիտի տօնեն Նաւասարդեան յաղթանակները:
Նաւասարդեանի եզրափակիչ շաբթուան բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 3 Յուլիսի երեկոյեան, Վեն Նայսի Պըրմինկհամ Չարթըր Հայ Սքուլի (17000 Haynes, Van Nuys, CA 91406) Նաւասարդեան փառատօնի շրջափակին մէջ: Դրօշակի արարողութիւնը պիտի առաջնորդէ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նուագախումբը, դրօշակի արարողութիւնը պիտի կատարեն ՀՄԸՄի արի-արենուշներու դրօշակակիրներու խումբը, իսկ քայլերգները պիտի մեներգէ ՀՄԸՄական սիրուած երգիչ Վարանդը:
Այնուհետեւ եւ յաջորդող երեք օրերուն ընթացքին, փառատօնի շրջափակին մէջ պիտի գործադրուի գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն պիտի մասնակցին շրջանի սիրուած արուեստագէտներ: Առաջին օրուան յայտագիրով ելոյթ պիտի ունենայ ազգային-յեղափոխական երգերու լաւագոյն մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան, որուն երգերուն պիտի ընկերակցի այնքան սպասուած հրավառութիւնը:
Փառատօնի շրջափակին մէջ նաեւ տեղադրուած պիտի ըլլան առեւտրական կրպակներ, որոնց մէջ պիտի վաճառուին օգտաւէտ իրեր, շրջանի ծանօթ առեւտրականներու կողմէ: Իսկ փառատօնին կից ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու գլխաւորած կրպակներուն մէջ պիտի վաճառուին համադամ ճաշեր, որոնք պիտի պատրաստուին եւ հրամցուին մասնաճիւղերու անդամներուն կողմէ:
Նաւասարդեանի չորս օրերուն ալ փոքրիկները պիտի ունենան իրենց արուեստի անկիւնը, ուր պիտի պատրաստեն գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներ: Ասկէ անկախ, ամէն երեկոյ ժամը 6:30էն 7:30, փոքրիկներու սիրուած երգիչ Մակին պիտի հրամցնէ յատուկ յայտագիր մը:
Այս բոլորին առընթեր, նոյն վարժարանի զանազան մարզադաշտերուն վրայ պիտի շարունակուին պասքեթպոլի, վոլիպոլի եւ ֆութպոլի մրցումները: Նոյն վարժարանի շրջափակին մէջ պիտի իրագործուին նաեւ անհատական մարզաճիւղերու մրցումները, հետեւեալ ժամանակացոյցով.
– Ճատրակի, փինկ-փոնկի եւ թենիսի մարզաճիւղերու մրցումները պիտի սկսին Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019ին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ:
– Թեթեւ աթլեթի մրցումները՝ Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019ին, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ:
– Լողի մրցումները՝ Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019ին, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ:
Երկրորդ տարին ըլլալով, Նաւասարդեան մարզախաղերուն պիտի մասնակցի նաեւ ՀՄԸՄի «Հրաշք» միաւորը, որուն ընդգրկուած են շրջանի յատուկ կարիքներ ունեցող հայ մարզիկներ, որպէսզի անոնք լաւատեսութեամբ մօտենան կեանքին, սիրեն իրենց անձը եւ իրենք զիրենք լիիրաւ անդամ զգան համայնքին: Այս տարի, «Հրաշք» միաւորը պիտի մասնակցի պասքեթպոլի, թեթեւ աթլեթի եւ ֆութպոլի իւրայատուկ մրցումներուն:
Նաւասարդեանի փակման Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019ի երեկոյեան ժամը 6ին, Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ Սքուլի ֆութպոլի մարզադաշտին վրան: Մինչ պաշտօնական հիւրերը եւ ՀՄԸՄասէր մեր հանդիսատեսը մարզադաշտի նստարաններուն վրայ կը տեղաւորուին, մարզադաշտին վրայ պիտի հրամցուի զանոնք զբաղեցնող կէս ժամուան յայտագիր մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄի նուագախումբը գեղեցիկ անակնկալներ պիտի ներկայացնէ, երգչուհի Մակին փոքրիկներուն համար հետաքրքրական կարճ ծրագիր մը պիտի իրագործէ եւ այնուհետեւ երգիչ Վարանդը պիտի հրամցնէ ՀՄԸՄի նուիրուած երգերու փունջ մը:
Հանդիսութիւնը սկիզբ պիտի առնէ ՀՄԸՄի նուագախումբին առաջնորդած եւ ՀՄԸՄի արի-արենուշներուն կատարած դրօշակի արարողութեամբ:
Կարճ պատգամներու փոխանցումէն ետք պիտի տողանցէ շրջանի ՀՄԸՄի ամբողջ ընտանիքը՝ մասնաճիւղի վարչութիւններէն մինչեւ ամենափոքրիկ արծուիկը եւ գայլիկը: Անոնք պիտի քալեն հաստատակամ ու ինքնավստահ, պիտի բարեւեն ներկաները եւ ստանձնելով իրենց յաղթանակի բաժակները, հպարտութեամբ պիտի հեռանան մարզադաշտէն, իրենց հետ տանելով ՀՄԸՄի բարիքները:
Փակման հանդիսութենէն ետք Նաւասարդեան խրախճանքը մինչեւ կէս գիշեր պիտի շարունակուի փառատօնի շրջափակին մէջ, ուր նաեւ տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն: Նոյն ժամանակ, Պըրմինկհեմի պասքեթպոլի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ, տեղի պիտի ունենան աղջկանց եւ մանչերու պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Կարեւոր այս մրցումներուն 20 տոլար է սակը մուտքի մէկ տոմսին, զոր կարելի է ստանալ itsmyseat.com-ի միջոցաւ միայն: Մարզադաշտին մուտքին տոմս պիտի չվաճառուի:
Նաւասարդեանին վերաբերող լայնածաւալ ու մեծածախս աշխատանքները յաջողութեամբ պսակելու համար, խիստ կարեւոր են նիւթական աղբիւրները, որոնց կարեւորներէն մէկն է մուտքի տոմսերու եկամուտը: Մեծերու համար օրական մէկ մուտքի տոմսը 10 տոլար է, իսկ փոքրերու համար՝ 7 տոլար: Կանգառի օրական վարձքը 5 տոլար է: Աւելի մօտակայ կանգառի (preferred Parking) օրական վարձքը 10 տոլար է:
3-6 Յուլիս 2019, բոլորիս ժամադրավայրը թող Պըրմինկհեմ Չարթըր Հայ Սքուլի շրջափակը ըլլայ:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերու եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու մասին մանրամասնութիւններ ստանալու համար՝ կարելի է հետեւիլ «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսնելիք հրապարակումներուն, ՀՄԸՄի «Ֆէյսպուք»ին, HTV պատկերասփիւռի ծրագիրին, ինչպէս նաեւ դիմել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակը՝ հեռաձայնելով (323) 344-4300 թիւին կամ դիմելով info.wusa@homenetmen.org հասցէին
Ստորեւ 3-6 Յուլիսին փառատօնի յայտագրերը.
Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2019
Պիտի կատարուի բացման յատուկ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄի նուագախումբի առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄի արի-արենուշներու դրօշակակիրներու խումբը պիտի կատարէ դրօշակի արարողութիւնը: Քայլերգները պիտի մեներգէ գործօն ՀՄԸՄական եւ սիրուած երգիչ Վարանդը: Այնուհետեւ, երեկոն պիտի շարունակուի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, հետեւեալ ժամանակացոյցով.
Սնթօ Դեղարարեան – ժամը 7:45-8:35
Անուշ Պետրոսեան – 8:35-9:05
Գառնիկ Սարգիսեան եւ Հրավառութիւն – 9:15-12:00
Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019
Յակոբ Յովսէփեան – 7:00-8:00
Արթին Պետրոսեան – 8:00-9:30
Արշամ Բաբէլեան – 8:30-9:15
Լիա (Բամպու, Bamboo) – 9:15-10:00
Նարեկ Մակարեան – 10:30-11:00
Սուրօ – 10:00-10:30
Տիգրան Ասատրեան – 11:00-12:00
Ուրբաթ, 5 Յուլիս 2019
Կարէն Տագէսեան – 7:00-8:00
Սագօ Թաշճեան (Գանատա) – 8:00-9:00
Դաւիթ Լուսակիան (Ֆրանսայէն) – 9:00-10:00
Սուրօ – 10:00-10:30
Վարդան Թահմազեան – 10:30-11:30
Սագօ Թաշճեան – 11:00-12:00
Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019
Արնօ – 8:00-9:00
Մեր Հովօ – 9:00 – 9:30
Վարանդ եւ հրավառութիւն – 9:30-10:00
Դաւիթ Լուսակիան – 10:00-11:00
Արարատ Ամատեան – 11:00-12:00