Երկուշաբթի, 24 Յունիսին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի:
Վարչութիւնը հայրապետը տեղեակ պահեց Համազգայինի աշխատանքներուն մասին՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, յատկապէս պարզելով Համազգայինի ծրագիրները:
Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի գործունէութեան նկատմամբ՝ յիշեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած է անոր աշխատանքներուն, նախանձախնդիր ըլլալով մեր ժողովուրդին մշակութային ու կրթական արժէքներու պահպանման ու առաւել ծաղկման: