ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան գլխաւորեց աշխատանքային խորհրդակցութեան մը՝ նուիրուած Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու կազմակերպման:
Քննարկուեցան խաղերու նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքներու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատեց Համահայկական խաղերու նշանակութիւնը Արցախի մարզամշակութային կեանքին մէջ եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման առումով՝ ընդգծելով, որ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի Համահայկական խաղերը բարձրագոյն մակարդակով կազմակերպուին եւ տեղի ունենան:
Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: