ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ, 18ամեայ հայ երիտասարդ մը՝ Արթուր Մարտիրոսեան, ենթարկուած է ատրպէյճանցիներու հայատեաց արարքին, երբ անոնք պատուհանէն վար հրած են զայն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Խարքով Թայմզ»ը։
Դէպքին մասին մանրամասնութիւններ փոխանցած է տղուն հայրը՝ Սերգօն: Խարքովի պետական ակադեմիոյ ուսանող Արթուր Մարտիրոսեանի դրացի հանրակացարանին մէջ բնակող ատրպէյճանցի մը Արթուրը պտոյտի հրաւիրած է։ Աւելի ուշ Արթուր անդրադարձած է, որ ատրպէյճանցի տղան եւ անոր ընկերները իրեն դէմ թակարդ կը լարէին՝ պայուսակին մէջ թմրանիւթ դնելու փորձ կատարելով: Երբ անոնք դուրս ելած են սենեակէն, հայ ուսանողը փակած է սենեակին դուռը եւ սկսած պատուհանէն դուրս նետելու ատրպէյճանցիներուն ձգած իրերը։ Ատրպէյճանցիները վերադարձած են, կոտրած են դուռը եւ հայ ուսանողը ծեծած ու պատուհանէն նետած:
Արթուր Մարտիրոսեան հրաշքով ողջ մնացած է։ Պատուհանէն իյնալէն ետք, ան կրցած է փախուստ տալ ատրպէյճանցիներէն։ Ներկայիս ան հիւանդանոցը կը գտնուի։