14 Յունիսին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան Օթթաուայի մէջ ընդունեց Գանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:
Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին հիւպատոս Արա Մկրտչեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք դեսպանուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի հայութեան եւ իր ուղերձին մէջ ըսաւ. «Դուք միշտ եղել էք դեսպանութեան կողքին, դեսպանատան կազմաւորման առաջին իսկ օրից: Ես իմ կողմից վստահեցնում եմ, որ այդ համագործակցութիւնը կը շարունակուի: Կրկնակի մեծ պարտաւորութիւններ ունեմ որպէս առաջին կին դեսպան Գանատայում եւ յուսով եմ, որ պատուով կը կատարեմ իմ առջեւ դրուած առաքելութիւնը: Ես ձեզ իւրաքանչիւրիդ համարում եմ դեսպանութեան մի փոքրիկ օղակը»:
Ընդունելութեան ընթացքին դեսպանուհին ծանօթացաւ գանատահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Շամլեան դեսպանին հետ առանձնազրոյցին ընթացքին յայտնեցին, որ դեսպանատան հիմնադրութենէն ի վեր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը սերտօրէն համագործակցած է դեսպանատան հետ եւ խոստացան յառաջիկային յատուկ հանդիպման մը ընթացքին իրազեկ պահել դեսպանին գանատական քաղաքական գետնի վրայ Հայ Դատի յանձնախումբի ծաւալած քաղաքական բազմաշերտ գործունէութեան մասին:
Ընդունելութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ Մոնթրէալի, Լավալի, Օթթաուայի եւ Քեմպրիճի կոմիտէներու ներկայացուցիչները, Օթթաուայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը, ՀՕՄի Լավալի, Մոնթրէալի եւ Օթթաուայի ներկայացուցիչները, ՀԲԸՄի պատուիրակութիւնը եւ համայնքի անհատ ներկայացուցիչներ: