ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընդառաջ, 18 Յունիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ այս նախապատրաստական հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները գնահատեցին խաղաղ գործընթացին ներկայ իրավիճակը՝ նախկին հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման պարունակին մէջ։
Հանդիպումին նախօրեակին, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ տեղի ունենալիք հանդիպման։ «Անհամբեր կը սպասեմ շաբաթավերջին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումներուն, որպէսզի խրախուսեմ անոնց միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը: Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հարցի յառաջխաղացքին», Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է Պոլթըն։