ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգի՝ զոհուած կամ հաշմանդամութիւն ունեցող զինուորներուն ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագիրի ծիրին մէջ, 19 Յունիսին, Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ նորակառոյց բազմաբնակարան շէնքին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ անհատոյց սեփականութեան իրաւունքով տրամադրուող բնակարաններու բաշխումը կազմակերպուած է բաց եւ թափանցիկ վիճակահանութեան միջոցով, որուն իբրեւ արդիւնք՝ շահառուները իրենք ընտրած են իրենց բնակարանները:
Յանձնելով բնակարաններու բանալիները եւ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անունով շնորհաւորելով նորակառոյց շէնքի բնակիչները՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մաղթեց երջանիկ օրեր նոր եւ յարմարաւէտ բնակարաններուն մէջ:
Նորակառոյց շէնքին հանդիսաւոր բացումէն ետք կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: