ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սառա Անջարգոլեանը նշանակեց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար:
Անջարգոլեան Impact Hub Yerevan–ի համահիմնադիրներէն է: Ան շրջանաւարտ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն համալսարաններէն Քալիֆորնիոյ Համալսարանական ցանցի Պըրքլի մասնաճիւղի իրաւաբանութեան բաժանմունքէն:
Անջարգոլեան տարիներ առաջ Հայաստան փոխադրուած էր: