ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ռուսիաբնակ հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան քանի մը օր առաջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Կարապետեանի նախաձեռնած տնտեսական ծրագիրները շարունակելու եւ նոր ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները։
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին։ Անոր համաձայն՝ լաւ երեւոյթ է այս հանդիպումը, որուն նախորդեցին նաեւ տեսակցութիւններ այլ գործարարներու հետ։ Միրզոյեան յայտնեց, որ խօսուած է նաեւ նոր ծրագիրներու մէջ ներգրաւուելու, նոր ենթակառոյցներ գնելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսական շուկայի աշխուժացման միտումով լուրջ ներդրումներ կատարելու մասին։