ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, Յունիս ամսուան առաջին երկու շաբաթներուն ընթացքին Ազգային վարժարաններուն մէջ տեղի ունեցան ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդէսները, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
Առաջնորդ սրբազանը, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ հոգեւոր հայրեր ներկայ եղան հանդէսներուն եւ ուղղեցին իրենց օրհնութեան ու շնորհաւորանքի խօսքերը:
Հանդէսներուն ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի, ուսումնական մարմիններու եւ գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ: