ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ դատական համակարգի անկախութեան եւ անկողմնակալութեան ապահովման համար, յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Եւրոպայի խորհուրդի «Հայաստանի համար իրականացող գործողութիւններու 2019-2022 թուականներու երրորդ ծրագիր»ի մեկնարկին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին։
Ըստ անոր՝ Հայաստան ցոյց տուած է, որ կ՛ուզէ ըլլալ այնպիսի երկիր մը, որ ձեւաւորուած է եւրոպական չափանիշներով, ամուր կառչած է ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու միասնական արժէքներու գերակայութեան։ «Այս տարի մեր ձգտումը աւելի մեծ է, բիւջէն՝ բաւական յաւակնոտ՝ 18.9 միլիոն եուրօ, եւ այն կենտրոնացուած է բարեփոխումների այն ուղղութիւնների վրայ, որոնք կառավարութեան համար գերակայ են: Դրանք հիմնականում ուղղուած են դատական համակարգի ոլորտի բարեփոխումներին», ըսաւ Մնացականեան:
Նախարարը դիտել տուաւ, որ այդ է ժողովուրդի կամքն ու փափաքը, որ իր արտացոլացումը կը գտնէ այս կառավարութեան վճռականութեամբ եւ յանձնառութեամբ:
Մնացականեան վստահ է, որ այս ծրագիրը լաւագոյնս պիտի ծառայէ Հայաստանի դատական բարեփոխումներու իրականացման, եւ 2021ին պետութիւնը պիտի ունենայ շօշափելի արդիւնքներ:
«Կառավարութիւնը շատ պարզ ձեւակերպեց, որ ամէն ինչ կ՛անի դատական համակարգի անկախութիւնը եւ անկողմնակալութիւնը ապահովելու համար՝ որեւէ ճնշում չգործադրելով դատական իշխանութիւնների վրայ», ըսաւ ան։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտին, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու այս բարեփոխումներու իրականացման:
«Այդպիսին է Եւրոպայի հետ մեր համագործակցութեան իմաստը: Մէկ շաբաթում Եւրոպայից եկան բարձրագոյն մակարդակի փորձագէտներ, ովքեր սկսեցին աշխատել դատական բարեփոխումների եւ բովանդակութեան, եւ ֆինանսաւորման ուղղութեամբ: Սա ցոյց է տալիս, թէ որքան արժէքաւոր է այս համագործակցութիւնը: Մեզ համար իսկապէս արդար եւ անկողմնակալ դատական համակարգի բարեփոխման ծրագիրն աւարտելը լիարժէք կը դարձնի յեղափոխութեան ամբողջ փիլիսոփայութիւնը», եզրափակեց Մնացականեան: