ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չինական մամուլը իր ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ Թուրքիա-Ամերիկա յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած լարուծ իրավիճակը, որ ծնունդ առած է ռուսական «Էս. 400» հրթիռային համակարգեր գնելու Անգարայի որոշումին պատճառով։ Ամերիկա դէմ է այս գործառնութեան, բայց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան վճռաբար յայտարարեց, որ այդ հարցը փակուած է՝ շեշտելով. «Թուրքիա ո՛չ թէ պիտի գնէ, այլ արդէն գնած է հակաօդային պաշտպանութեան համար նախատեսուած ռուսական «Էս. 400» համակարգերը»։
Չինացի ռազմական փորձագէտներ յառաջ քշեցին նոր վարկած մը՝ նշելով, որ եթէ «Էս. 400» համակարգերուն շուրջ ծագած վէճին պատճառով չկարենայ ամերիկեան գերարդիական «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերը գնել, Անգարայի համար այլընտրանքային տարբերակներ կրնան ըլլալ չինական կամ ռուսական օդանաւերը։
Չինացի փորձագէտներու համաձայն՝ չինական արտադրութամբ օդանաւ մը իր կարելիութիւններով շատ կը նմանի «Էֆ. 35»ին եւ բոլորովին կը համապատասխանէ Թուրքիոյ պահանջներուն։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու խիստ բառերով հակադարձեց Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարարութեան անցեալ շաբաթ ուղարկած պաշտօնական նամակին, որ Թուրքիոյ վերջնագիր կը ներկայացնէր «Էս. 400» համակարգերու գնումին հարցով։
Նախարարը նշեց, որ Թուրքիա գնած է այդ համակարգերը եւ որեւէ նամակ ի զօրու չէ պարտադրելու, որ Թուրքիա ետ կանգնի իր տուած որոշումէն։
Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փեթրիք Շենըհեն իր նամակին մէջ ազդարարած էր, որ եթէ Թուրքիա չհրաժարի «Էս. 400»ներէն, Ամերիկա Թուրքիան դուրս պիտի ձգէ «Էֆ. 35»ներու արտադրութեան ծրագիրէն, թրքական վերջնական պատասխանի մը համար պայմանաժամ սահմանելով Յուլիսի վերջը։