ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելեց Մուշ եւ ծաղիկներ խոնարհեց հայ ազգային-ազատագրական շարժման հերոս, դաշնակցական հայդուկապետ Գէորգ Չաուշի գերեզմանին:
Պատուիրակութիւնը ընդունեց Մուշի քաղաքապետ Ֆէյաթ Ասեան:
«Շատ ուրախ ենք ձեր այցելութեամբ. մեր աչքին վրայ տեղ ունէք: Ճիշդ է, որ այս օրը մեզի համար տօնական օր է, բայց ձեզի հետ հանդիպելը աւելի կարեւոր է, եւ ես չէի կրնար այդ առիթը փախցնել», ըսաւ քաղաքապետը:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան Մուշի քաղաքապետին յանձնեց Երեւանի մէջ համահայկական խաղերու միջոցառումներուն մասնակցելու պաշտօնական հրաւէրը եւ հայ վարպետներու ձեռքով պատրաստուած խորհրդանշական նուէրը:
Մշոյ դաշտէն Կարս գացող ճանապարհին, պատուիրակութեան անդամները Սուլուխի կամուրջէն վարդեր նետեցին Արածանի գետը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով 1907ին, Գէորգ Չաուշի եւ անոր զինակիցներու յիշատակին:
Իշխան Զաքարեան առաջարկեց Երեւան-Վան, Գիւմրի-Կարս քաղաքներուն մէջ իրականացնել համահայկական յաջորդ խաղերը: