ՏՈՒՊԱՅ, «Ռոյթըրզ».- 13 Յունիսին, Օման ծոցին մէջ երկու քարիւղատարներ յարձակումի թիրախ դարձան, որմէ ետք կարելի եղաւ անոնց անձնակազմերուն 44 անդամները փրկել։
Կասկածներ կան, որ նաւերը ընդծովեայ հրթիռներով յարձակումի մը կամ ծովային ականներու միջոցաւ վնասուած են։
Նաւերէն մէկը Նորվեկիոյ մէջ, իսկ երկորոդը՝ Ճափոնի մէջ արձանագրուած է։
Միջադէպը մտահոգութիւններ յառաջացուց, որ Ամերիկա-Իրան արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները կրնան ճակատումի մը առաջնորդել, որովհետեւ շրջանին մէջ անցեալ ամիս տեղի ունեցած նման միջադէպերու պատասխանատուն Իրանը նկատուած էր Ուաշինկթընի կողմէ, հակառակ անոր, որ Թեհրան հերքած էր եւ անոնց պատասխանատուութիւնը Եմէնի հուսիները ստանձնած էին։
Մոսկուա բոլոր կողմերուն զսպուածութեան կոչ ըրաւ։