ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա կը գտնուի կարեւոր ընտրանք մը կատարելու սեմին, եւ վստահաբար Պոլսոյ մէջ 23 Յունիսի ընտրութիւններէն ետք օրակարգի թիւ մէկ հարցը պիտի դառնան ռուսական «Էս.400» հրթիռային համակարգերու Թուրքիոյ վաճառքը եւ Ամերիկայի ու Ռուսիոյ հետ Անգարայի յարաբերութիւնները։
Թուրքիա ստիպուած է ընտրութիւն կատարելու Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ միջեւ ու հաւանական է, որ որեւէ որոշում վնասաբեր ըլլայ քաղաքական եւ տնտեսական առումներով։ Ամերիկայէն սպառնալիքներ եւ ազդարարութիւններ գրեթէ ամէն օր կը լսուին պետական զանազան դէմքերու կողմէ, բայց Թուրքիա կը յամառի։
12 Յունիսի երեկոյեան, իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը գումարեց դռնփակ ժողով մը, որուն աւարտին նախագահ Էրտողան վերջակէտ դրաւ «Էս.400» հարցին եւ ըսաւ, որ վաճառքը իրականացած է, հարցը փակուած է եւ Յուլիսին պիտի սկսի մատակարարումը։ Գալով Ամերիկայէն «Էֆ.35» ռազմական օդանաւեր գնելու հարցին՝ Էրտողան ըսաւ, որ ամէն ինչ պիտի յստականայ «Քսանի խմբակ»ի գերաստիճանի օրերուն։
Միւս կողմէ, Քրեմլինի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու խորհրդական Եուրի Ուշաքով ըսաւ, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները որոշուած ժամանակին պիտի կատարուին։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հակահրթիռային համակարգերը Թուրքիա պիտի հասնի՞ն Յուլիսին՝ Ուշաքով ըսաւ. «Այո՛, ինչպէս ծրագրած ենք»: