ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 29 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ իւրայատուկ համերգ մը պիտի տայ երգիչ Այլին Արթին, իր կիթարին ընկերակցութեամբ։
Ելոյթը մաս կը կազմէ գրադարանին «Երաժշտական երեկոներ» շարքին։
Այլին իր անդրանիկ ալպոմը հրապարակած էր 2018ին՝ «Չեփթըրզ» խորագիրին տակ։
Տոմսերու սակը 20 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար՝ այցելել www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը։
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին։