
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ինչպէս հանրութիւնը տեղեակ է արդէն, այս տարի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը սիրով յանձն առած են շրջանին ծանօթ ազգայիններ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեանները: Ազգանուէր համեստ այս զոյգին մօտէն ծանօթանալու եւ անոնց նուիրեալ գործունէութիւնը հանրութեան ներկայացնելու հեռանկարով՝ հանդիպում մը ունեցանք անոնց հետ: Ինծի համար մեծ հպարտանք էր այս հանդիպումը, որովհետեւ մտերմօրէն պիտի զրուցէի հայորդիի մը հետ, որուն ոչ միայն ՀՄԸՄական խմբապետուհին եղած էի, այլ նաեւ քաջալերած էի զինք ու եղբայրը անդամակցելու ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի նուագախումբին եւ հմտանալու երաժշտութեան մէջ, գլարինէթ նուագելով: Հանդիպումը հաճելի էր, սակայն այս զոյգին կեանքի յաջողութիւններուն ծանօթանալը քիչ մը դժուար եղաւ, որովհետեւ անոնք իրենց համեստութենէն մղուած՝ դժուարութեամբ կ՛անդրադառնային իրենց կեանքի նուաճումներուն, որ հազուադէպ երեւոյթ մըն է մարդկային կեանքին մէջ:
Կարօ Էշկիեան ծնած է Լիբանանի հայահոծ Պուրճ Համուտի շրջանի Ամանոսի թաղամասը, ազգանուէր ընտանեկան յարկի մը տակ, եւ այդ ոգիով ալ հասակ նետած է ակմբային մաքուր շրջապատի մը մէջ, անվախ ու ազգասէր: Ան երկրորդ զաւակն է Միսաք եւ Ովսաննա Էշկիեաններուն: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Մարաշի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճին մէջ: Այնուհետեւ նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ առաւել քան 11 տարիներ ապրելով լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դառնութիւնները, եղած է խոհեմ, անձնազոհ ու վստահելի անձնաւորութիւն մը, որուն շնորհիւ ալ իրեն վստահուած են շատ կարեւոր պարտականութիւններ ու պատասխանատուութիւններ: Ան իր աշխատասիրութեան եւ հետեւողականութեան շնորհիւ հասած է յաջող բարձունքներու, միշտ յառաջդիմութիւն արձանագրելով եւ իր յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձնելով իր հարազատներն ու շրջապատը:
Կարօ Էշկիեան հասակ նետելով Պուրճ Համուտի նման հայահոծ շրջանի մը մէջ, բնական էր, դպրոցէն դուրս, պիտի թրծուէր ակմբային կեանքին մէջ: Ան փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին՝ իբրեւ սկաուտ, ապա՝ նուագախումբի անդամ, դառնալով հմուտ քլարինէթ նուագող: 1977ին անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) շարքերը, ուր իր ղեկավարի յատկութիւններուն շնորհիւ ստանձնած է վարչական եւ պատասխանատու զանազան պաշտօններ: 1981ին անցած է ՀՅԴի շարքերը, ուր հաւատքով կը գործէ մինչեւ օրս:
1986ին, Կարօն փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած է Կլենտէյլ քաղաքին մէջ եւ զբաղած է պիստակեղէնի վաճառականութեամբ, նոյն ժամանակ նետուելով Real Estate-ի աշխարհին մէջ, մեծ յաջողութիւն արձանագրած է շէնքերու առուծախին մէջ:
1988ին ամուսնացած է իր թաղեցի Սօսէ Կարապետեանին հետ, որուն 1980ին ծանօթացած ու սիրահարած էր ԼԵՄի շարքերուն մէջ: Ապագային անոնք բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Նարէ եւ Գօգօ, որոնք իրենց ծնողներուն նման ազգային նկարագիրով հասակ նետած են ակմբային միջավայրին մէջ եւ երկուքն ալ աւարտած են Շամլեան Ազգային միջնակարգ վարժարանը, իսկ երկրորդականը՝ Լա Քրեսենթայի Հայ Սքուլը: Ներկայիս Նարէն Լաս Վեկասի համալսարանին մէջ կը մասնագիտանայ ատամնաբուժութեան մէջ, իսկ Գօգօն կը հետեւի հօր քայլերուն:
Կարօ Էշկիեանի հմտութեան, ղեկավարի յատկութիւններուն եւ նուիրումին շնորհիւ՝ անոր վստահուած են բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ: Ան եղած է ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէի անդամ, երկար տարիներ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ եւ բազմաթիւ տարիներ վարած է անոր ատենապետի պաշտօնը, Ազգային վարչութեան անդամ եւ ներկայիս՝ ատենապետը:
Ան նաեւ նուիրումով գործած է շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի զանազան յանձնախումբերու մէջ:
Կարօ Էշկիեանի կեանքի դաժանագոյն օրերը եղած են ծնողքին եւ միակ եղբօր՝ Սագոյի անակնկալ մահը (2006), որոնց հանդէպ անսահման սէր ու յարգանք կը ցուցաբերէր: Իր հարազատներուն յիշատակը անմահացնելու հաւատքով, ան իր սիրելի ծնողքին յիշատակին վերանրոգած եւ անուանակոչած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհարանի թանգարանը, ինչպէս նաեւ հովանաւորած է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներու սենեակը, իսկ «Ասպարէզ» օրաթերթի ժողովասրահը՝ եղբօր Սագոյին անունով: Էշկիեան մեծ յարգանք եւ հաւատք ունենալով Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Տօնոյեանի անձին, կարողութիւններուն ու հոգեւորականի մեծութեան հանդէպ՝ սիրայօժար կերպով ստանձնած էր անոր եպիսկոպոսական օծման կնքահայրութիւնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ճամբորդելով մինչեւ Լիբանան:
Անձնապէս նաեւ կը վկայենք, որ Էշկիեան զոյգը միշտ դրական արձագանգած է բոլոր իրեն դիմողներուն: Անոնք լուռ ու մունչ նիւթապէս եւ բարոյապէս թիկունք կանգնած են կրթական հաստատութիւններու, ազգային կազմակերպութիւններու, ուսանողներու եւ սիրայօժար բազմաթիւ ձեռնարկներ հովանաւորած են:
Սօսէ Կարապետեան ծնած է Գամիշլի, Սուրիա, ազգայնաշունչ ընտանեկան յարկի մը տակ: Ան 6րդ զաւակն է Յովհաննէս եւ Վարդուհի Կարապետեաններու եօթ զաւակներուն: Ան յաճախած է ծննդավայրի Եփրատ վարժարանը: 1971ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լիբանան եւ բնակութիւն հաստատած է Ամանոսի շրջանին մէջ, ուր նաեւ յաճախած ու աւարտած է թաղի Կիլիկիա Ազգային վարժարանը: Լիբանանի մէջ ան անդամակցած է ԼԵՄի շարքերուն եւ իր պատասխանատուութեան գիտակցութեան եւ ղեկավարի յատկութիւններուն շնորհիւ, իրեն վստահուած են զանազան պատասխանատու պաշտօններ: Ան եղած է Ամանոսի շրջանի ԼԵՄի վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Ամանոսի «Նաւասարդեան» եւ Ռաուտայի շրջանի «Կոմս» պատանեկան միութիւններու վարիչը: Ան անդամակցած է Պուրճ Համուտի «Գորանի» պարախումբին, իսկ 1982ին անցած է ՀՅԴի շարքերը: Երկար տարիներ գործած է Ազգային խորհուրդին մէջ՝ իբրեւ գանձիչ, նաեւ քանի մը տարիներ վարած է Լիբանանի «Վանայ Ձայն» ռատիօժամի քարտուղարի պաշտօնը:
1988ին նշանուած է իր երկար տարիներու սիրելիին՝ Կարոյին հետ եւ նոյն տարին փոխադրուելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ ամուսանացած են: Ամերիկայի մէջ եւս Սօսէն ունեցած է միութենական բեղուն գործունէութիւն: Ան կոմիտէի դժուար պարտականութիւններ ստանձնած է ՀՅԴ Լա Քրեսենթայի «Զաւարեան» եւ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութեանց մէջ, մաս կազմած է շրջանի ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէի յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ տարիներ նուիրումով գործած է Արեւմտեան Թեմի Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց միութեան մէջ: Ան մեծ աշխատանք տարած է Լիբանանի ընտրական մարմնին մէջ: Աշխոյժ գործունէութիւն ցուցաբերած է Թիւֆէնքեան մանկամսուրի ծնողական յանձնախումբին մէջ: Ան զաւակին՝ Գօգոյին շնորհիւ եղած է նաեւ AYSO ֆութպոլի խումբի ծնողական մարմինի անդամ: Աւելի ուշ, դարձեալ Գօգոյին շնորհիւ՝ իբրեւ մարզիկի ծնողք առնչուած է նաեւ ՀՄԸՄի Քրեսենթա հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղին: Սօսէն, իր համեստութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ մեղմ նկարագիրով սիրաշահած է իր շրջապատի սէրն ու յարգանքը: Իրեն համար կարեւոր են բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը նպաստեն մեր երիտասարդութեան դաստիարակութեան, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ մեր սիրելի հայրենիքի հզօրացման: «ՀՄԸՄը այն կազմակերպութիւններէն մէկն է, որուն համար սիրայօժար ընդունած ենք անոր տարեկան մեծագոյն նախաձեռնութեան՝ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը», ինքնավստահութեամբ ընդգծեց ան մեր հարցազրոյցին ընթացքին: Իսկ Կարօ Էշկիեան, արժեւորելով ՀՄԸՄը՝ ըսաւ. «Ես միշտ հպարտ կը զգամ ՀՄԸՄական իմ անցեալով: ՀՄԸՄը ընդհանրապէս իր ազգայնաշունչ ծրագիրներով եւ յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերով, մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է երիտասարդութեան մէջ: ՀՄԸՄը նաեւ գեղեցիկ միջոց հանդիսացած է անոնցմէ շատերուն, ընտանեկան իրենց բոյնը ստեղծելու անոր շարքերուն ընդմէջէն: Կասկած չունիմ նաեւ, որ Հայաստանի անկախացումէն ետք, ՀՄԸՄը իր սկաուտական շարքերով եւ բանակավայրերով մեծ դերակարտարութիւն ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ հայրենի երիտասարդութեան ազգային կեանքին մէջ: Վստահ եմ, որ անիկա պիտի շարունակէ մնալ իր բարձունքին վրայ եւ պիտի պահպանէ ազգային մեր արժէքները»:
Իսկ պատասխանելով Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնելու դրդապատճառին մասին հարցումին, ան շարունակեց՝ ըսելով. «Բնական է, ՀՄԸՄականի իմ անցեալս մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ ստանձնելու այս պատասխանատուութիւնը. ՀՄԸՄէն շատ բան սորված եմ: Հիմա, երբ կարողութիւններս կը ներեն՝ կ՛ուզեմ իմ երախտագիտութիւնս յայտնել եւ իմ սիրելի կազմակերպութիւնը բաժնեկից դարձնել կեանքիս յաջողութիւններուն, նիւթական եւ բարոյական իմ աջակցութիւնս ցուցաբերելով անոր»:
Սօսէ Էշկիեան համաձայն գտ-նուելով ամուսնոյն հաստատումներուն հետ՝ յոյս յայտնեց, որ ՀՄԸՄը կը շարունակէ իր ազգանպաստ գործունէութիւնը եւ իր հոգածութեան յանձնուած սերունդները հարազատ թարգմանը կը հանդիսանան «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» իմաստալից իր նշանաբանին:
Կը շնորհաւորենք տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեանները, որոնք իրենց պարկեշտութեամբ, ազգասիրութեամբ եւ օգտակար ըլլալու ձգտումներով՝ բարի օրինակ կը հանդիսանան իրենց շրջապատին: