ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, 11 Յունիսին, ընդունեց Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի «Heritage Club» ուսանողական ակումբի անդամները՝ համալսարանի ուսանողական գրասենեակի տնօրէն Ռազմիկ Գաբրիէլեանի գլխաւորութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ողջունելով պատուիրակութեան անդամները՝ Մասիս Մայիլեան գոհունակութիւն յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանի միջեւ 2018ին հաստատուած եւ լաւ կերպով զարգացող համագործակցութեան վերաբերեալ: Նախարարը նշեց փոխշահաւէտ համագործակցութեան պահպանման եւ անոր յետագայ խորացման կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին Մայիլեան պատասխանեց ուսանողներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ համահայկական նշանակութեան հարցերու առաջմղման գործին մէջ Սփիւռքի դերին:
Հայկազեան համալսարանի ուսանողները Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան գրադարանին նուիրեցին պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան վերաբերող գիրքեր:
Հայկազեանի ուսանողները մէկ օր առաջ, Երկուշաբթի, 10 Յունիսին, հիւրընկալուած էին Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի կողմէ: