ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Հիւտա Քայա 11 Յունիսին, խորհրդարանի քննարկումի նիւթ դարձուց Պոլսոյ հայերուն դէմ կազմակերպուած յարձակումները:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին ուղղուած հարցումներուն մէջ, պատգամաւորը մասնաւորապէս ընդգծեց Սամաթիոյ մէջ վերջին յարձակումէն ետք կատարուած՝ «Այս տակաւին սկիզբն է» սպառնալիքը՝ շեշտելով, որ անիկա խորացուցած է հայ բնակիչներուն մտահոգութիւնները: Ան աւելցուց, որ յարձակումէն ետք հայերու տուներուն վրայ նշաններ զետեղուած են՝ ազդարարելով, որ «անոնց կեանքը իսկապէս վտանգի տակ է»։
Քայա նախարարէն պահանջեց պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն.
- Յարձակողներու ինքնութիւնը յայտնաբերելու ուղղութեամբ որեւէ հետաքննութիւն կը կատարուի՞ եւ եթէ կը կատարուի, ի՞նչ փուլի հասած է անիկա.
- Նման յարձակումներ կանխելու համար նախարարութեան կողմէ կանխարգելիչ աշխատանքներ կը կատարուի՞ն.
- Ձեր նախարարութիւնը ի՞նչ միջոցներու դիմած է կամ պիտի դիմէ Սամաթիոյ մեր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար.
- Հայերու տուներուն վրայ նշաններ դնելու գծով հետաքննութիւն կը կատարուի՞: Եթէ այո, ի՞նչ փուլի մէջ է հետաքննութիւնը.
- Ցարդ հայ քաղաքացիներու տուներուն վրայ նշաններ դրած անձերէն քանի՞ն յայտնաբերուած կամ պատժուած են.
- Սամաթիոյ մեր հայ քաղաքացիներուն վրայ կատարուած ցեղապաշտական յարձակումներուն դէմ ի՞նչ քայլեր առնուած են.
- Կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ օգտագործուող նուաստացուցիչ հռետորաբանութիւնը որեւէ դեր խաղցա՞ծ է նման յարձակումներու բազմացման մէջ.
- Տարբեր ազգային ծագում եւ հաւատք ունեցող մեր քաղաքացիներուն խաղաղ ու ապահով գոյութիւնը երաշխաւորելու համար պետական պաշտօնեաներու անջատողական, ատելութիւն քարոզող հռետորաբանութիւնը եւ քաղաքականութիւնը վերափոխելու ուղղութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ կը նախատեսուին:
Յիշեցնենք, որ Մայիսի վերջերը, Սամաթիոյ թաղամասին մէջ բնակող հայաստանցի ընտանիքի մը մայրը՝ Արփինէ Թումանեան դաշունահարուած էր իր տունը ներխուժած անյայտ անձերու կողմէ: