ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Շատ մօտ անցեալին, երբ տպագրուած գրքի արժէքը բարձր էր եւ դեռ չկային լուսապաստառի վրայ գիրք կարդալու հնարաւորութիւնները, հրատարակչատուներ, երբ իրենց նոր հրատարակութիւններու ետին կը տպագրէին իրենց նախկին հրատարակութիւններուն ցուցակը, անոնցմէ ոմանց դիմաց հպարտութեամբ կը դնէին «սպառած» բառը, ցոյց տալու համար թէ ինչքան ընդունելութիւն գտած էր այդ գիրքը:
Ներկայ ժամանակներուն այդ մտահոգութիւնը ամբողջութեամբ վերացած է, որովհետեւ նոյնիսկ դարեր առաջ տպուած գիրքերը սպառած չեն համարուիր: Անոնց լուսատիպ օրինակները ամէն վայրկեան կարելի է ներբեռնել համացանցի համապատասխան հասցէներէն: Աւելի քան երկու հարիւր տարի առաջ տպուած կամ նոյնիսկ աշխարհի մէջ առաջին տպագրութիւնը համարուող գիրքը կարելի է թերթատել լուսապաստառի վրայ, աւելի յստակ կարդալով անոր տողերը այնտեղէն, քան՝ բուն տպագրուած օրինակին վրայէն: Ուրեմն հրատա-րակուած գրքի մը սպառած ըլլալը մասնաւոր նշանակութիւն չունի մարդկութեան համար, եթէ տուեալ հրատարակութիւնը օգտագործելու նպատակով միայն զայն պիտի ուզէր ունենալ ուսումնասիրողը:
Տպագրութեան եւ գիրքի աշխարհին մէջ եթէ սպառումի վերոյիշեալ մտահոգութիւնը փարատած է, սակայն բնութեան մէջ այդ մտահոգութիւնը, ընդհակառակը, կը գտնուի իր ամէնէն բարձր աստիճանին վրայ: Ծառահատումն ու օդի ապականութեան խնդիրները կենսոլորտային հարցերու լուծման ժողովասեղանին վրայ են: Տակաւին շատ ուրիշ կենսոլորտային խնդիրներ՝ ջուրի, ծուխի, նաֆթի, լոյսի, ջերմութեան եւ այլ, գիտութեամբ յառաջդիմող մարդուն սիրտը լեցուցած են սոսկալի հետեւանքներու սարսափով: Բնութեան այս կամ այն նիւթին չափազանց շահագործումը, որուն հետեւանքով զգացուած պակասը, աղէտ պիտի դառնայ համայն մարդկութեան համար: Ո՛չ միայն անտառներու չքացումը, այլ այս կամ այն ծառատեսակին սպառումը բնութենէն, դարձեալ մտահոգիչ հանգամանք սկսած է ստանալ:
Կենդանական աշխարհը աւելի ցայտուն օրինակ մըն է վերը ըսուածները վերահաստատելու առումով: Բնագէտներ օգտուելով հնագէտներու կատարած պեղումներու արդիւնքէն, ցոյց կու տան որոշ կենդանիներու կմախքներ, որոնք հազարաւոր տարիներ առաջ գոյութիւն ունեցած են աշխարհի մէջ, սակայն անոնց տեսակը սպառած է ժամանակի ընթացքին:
Մողէսի ընտանիքին պատկանող հսկայական մարմինները այդ կենդանիներուն, սարսափ կ՛ազդեն նոյնիսկ անոնց վերակազմուած կմախքներուն դիմաց կանգնող այցելուներուն, պարզապէս անոնց ահագին մեծութիւնը նկատի ունենալով: Վստահաբար այդ հսկայութեան համապատասխան անոնց ունեցած զօրութիւնը աւերներ գործած էր անցեալին եւ սպառնացած բազմաթիւ կեանքերու:
Հնագէտները նաեւ փիղի ընտանիքին պատկանող աւելի հսկայ կենդանիներու՝ մամութներու կմախքներ եւ փղոսկրեր կը ցուցադրեն, որոնք դարձեալ հսկայութիւն կ՛ենթադրեն, յարաբերաբար մարդ էակի վտիտ մարմնին: Նման կենդանիներու գոյութեան ժամանակաշրջանը պատմող երեւակայական մասնաւոր ժապաւէններու պատրաստութիւնը եւս ունի իր ազդեցութիւնը, լուսաբանելու մեզ անոնց ոյժին ու հզօր կարողութիւններուն մասին:
Ինչքան ալ առողջական խնդիրներով յոգնած ըլլայ մարդկութիւնը, դարձեալ կարելի չէ՛ ըսել, թէ մարդու որոշ տեսակը ֆիզիքապէս սպառելու վրայ, կամ սպառած է: Հիւանդութիւններու տեսակներ, որոնք անցեալին եթէ անուն չունէին, այսօր ամենայն մանրամասնութեամբ կը նկարագրուին բժշկութեան կողմէ, բազմաթիւ մարդոց մահուան պատճառ կը դառնան ամէն օր: Մարդու կազմախօսութիւնը ուսումնասիրելով, ոմանք կը հաստատեն թէ մարդ էակը աւելի նրբացած է արտաքնապէս եւ շատ աւելի տկարացած ֆիզիքապէս, քան այն ինչ որ էր անցեալին: Աւելի հուժկու եւ չարքաշ մարդը այսօր դարձեր է աւելի նուրբ եւ հեշտ գործերու ատակ: Անշուշտ մեծամասնութիւնը նկատի կ՛ունենան նման վարկածներ յառաջ քշողներ:
Մարդու ֆիզիքական տեսակի սպառման մասին եթէ չենք կրնար խօսիլ, սակայն անոր բնաւորութիւնը ուսումնասիրելով կրնանք հաստատել, որ առաքինութիւններով, ու որոշակի բնաւորութեամբ մարդու տեսակը սպառելու վրայ է: Եթէ ուզենք անունով յիշել այդ որոշակի առաքինութիւններու գլխաւորը կամ սպառող բնաւորութիւնը, կրնանք յայտարարել ըսելով.
– Անկեղծ մարդու տեսակը սպառելու վրայ է:
Ո՛վ որ հակառակը պնդէ այս հաստատումին, օգտակար պիտի հանդիսանայ որ անկեղծ մարդիկ շատնան այս կեանքին մէջ: Ուրեմն ձեր հակառակախօսութիւնը ինքնին բարեբեր պիտի դառնայ մարդու այս տեսակը շատցնելու վեհ նպատակին:
Երկերես կամ բազմերես մարդոց հիմնական նպատակը եթէ անձնական շահն է, միւս կողմէ անոնց չարանենգ դիտումը, իրենց նմանին կործանումն է: Անկեղծութիւնը իմաստազուրկ ածական մը դարձած է, որ սակայն այնքան առատութեամբ կը գործածուի խօսակցական լեզուի մէջ, նոյնիսկ ամէնէն մտերմիկ պահերու կոյր վկան հանդիսանալով:
«Անկեղծ ասաց», «անկեղծօրէն կ՛ըսեմ», «անկեղծ մարդ է», «ըսածը անկեղծութեամբ կ՛ըսէ», «անկեղծութիւն կայ աչքերուն մէջ» եւ այլ արտայայտութիւնները խօսակցական լեզուի, ամէնէն աժան վաճառուող ապրանքներն են այսօր շուկայի վրայ: Սակայն իսկութեան մէջ երբ նայինք, պիտի տեսնենք որ անկեղծ մարդու տեսակը իսկապէս սպառելու վրայ է:
Իրենց առօրեային մէջ մարդիկ այնքան կը ծեծուին, այնքան կը տուժեն ու այնքան վնասներ կը կրեն նոյնիսկ իրենց հարազատ անձերէ, որ այլեւս բոլորվին կը կորսնցնեն իրենց վստահութիւնը: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Բոլորը միեւնոյն ջուրով մի՛ լուար»: Անշուշտ որ կան անկեղծ մարդիկ, որոնց կարելի է վստահիլ եւ որոնք չեն դաւաճաներ մեզի, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուին, սակայն մէկ բան կարելի է անվարան յայտարարել, որ անոնց թիւը շատ քիչ է, եւ որոնց տեսակը արդէն իսկ սպառելու վրայ է…:
Ի՞նչ ընել…
Վա՜յ այն օրուան, երբ «գիրքերու ետին» կարդանք թէ այս մարդու տեսակը սպառած է: Ուրեմն, հոգեւին պէտք է հակառակիլ վերոյիշեալ հաստատումին եւ «ո՛չ» ըսել անոր: Այս «ո՛չ»ը պիտի օգնէ, որ անկեղծ մարդու տեսակը բազմանայ: Մեր որոշումէն կախեալ է այդ: Սակայն թէ կ՛ուզենք անկեղծ մարդու տեսակը բազմացնել, պէտք է սկսինք մեր անձէն: Ե՛ս պիտի դառնամ անկեղծ մարդ, որպէսզի շատնայ այս տեսակը: Խնձորները ծառին վրայ իրարու նայելով կը կարմրին, կ՛ըսեն…: Բարոյական աշխարհը բնութենէն տարբեր չէ՛: Մարդը բնութեան ամէնէն հարազատ մասնիկն է իր բոլոր բջիջներով:
Անկեղծ մարդու տեսակը սպառելու վրայ ըլլալուն այս ահազանգը պէտք է սթափեցնէ բոլորս, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել աշխարհը իր մարդկութեամբ, այլապէս կեղծիքի բոյնին մէջ ծուարած, զիրար յօշոտելով ապրող գազաններէն պիտի չզանազանուինք: