ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «ՌԻԱ Նովըսթի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած է զէնքի մատակարարման վերաբերող հարցեր:
«Մենք լաւ համագործակցում ենք ռազմատեխնիկական ոլորտում եւ, ի հարկէ, ունենք որոշ պայմանաւորուածութիւններ: Կարծում եմ՝ այդ ոլորտում մեր համագործակցութիւնը զարգանում է համաչափ», ըսաւ Փաշինեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հանդիպման ընթացքին քննարկուա՞ծ է «Իսկանդեր»ի նոր խմբաքանակ Երեւանին մատակարարելու հարցը՝ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք ունենք բաւականաչափ «Իսկանդերներ»: Բայց մենք յոյս ունենք ստանալ մէկ այլ բան եւս: Ոչ փոքր»: