ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ Սիլիքոն հովիտի ՀԲԸՄին եւ կազմակերպութեամբ «Սինոփսիս» ընկերութեան՝ Հինգշաբթի, 30 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Հայաստանի փոխադրական, հաղորդակցութեանց եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան հարցերու նախարար Յակոբ Արշակեանի հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Սինոփսիս» ընկերութեան Մաունթըն Վիուի կեդրոնի սրահին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ էր Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ առաւել քան 100 ճարտարարուեստի ու արհեստագիտութեան մարզերու ներկայացուցիչներ, որոնք հետեւեցան Արշակեանի զեկոյցին, ապա իրենց կարծիքներն ու հարցումները ուղեցին յարգելի նախարարին:
Երեկոյթին բացման խօսքը կատարեց «Սինոփսիս» ընկերութեան գլխաւոր ճարտարապետ դոկտ. Երուանդ Զօրեան։ Հանգամանօրէն ներկայացնելով օրուան բանախօս նախարար Յակոբ Արշակեանը՝ ան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութեան փոխադրութեան, հաղորդակցութեանց եւ տեղեկատուութեան ճարտարարուեստի նախարարը արդէն այցելած է աւելի քան 18 յայտնի ընկերութիւններ ու գործատեղիներ եւ հիմա պատրաստ է փոխանցելու իր ստացած կարգ մը գիտելիքները, ըլլան անոնք գիտական, կրթական, ճարտարարուեստի թէ առողջապահութեան շուրջ»:
Նախարար Յակոբ Արշակեան մեծապէս գնահատեց ներկաներուն լուրջ կեդրոնացումը եւ մօտեցումը այս միջոցառումին, որ հիմք պիտի ծառայէ Ամերիկա կատարած իր այցելութենէն ետք՝ մօտիկ ապագային, գործնական արդիւնքներու հասնելու իր նախաձեռնութեանց: Շարունակելով իր խօսքը՝ ան ըսաւ. «Այս բոլորը՝ ստեղծելու համար նոր Հայաստան մը՝ լի տնտեսական զարգացումով, յեղափոխական, բեկումնային ու պաշտպանողական ճարտարարուեստով. եւ այս բոլորը՝ արտահոսքը կասեցնելու, ամուր պահելով ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ բնակչութեան աճը, հանրապետութեան քաղաքացիներուն թիւը հասցնելու հինգ միլիոն ժողովուրդի։ Այս պիտի ըլլայ նորանոր տեսիլքներու աճումով, ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը աւելցնելով եւ պահելով ընկերային ու կրթական զարգացումները, բոլոր տեսակի արուեստի ու գիտութեան յառաջդիմութեամբ»:
«Հանրապետութիւնը պէտք ունի միջազգային ընկերութիւններուն, ըլլան անոնք գիտահետազօտական, առողջապահական կամ նորանոր գործիքներու մեքենաշինութեան որակական փոփոխութեանց համար», ըսաւ նախարար Յ. Արշակեան՝ յայտնելով, թէ ինք պիտի աշխատի նորաստեղծ՝ «Start Up» ընկերութիւններու հետ, ժողովուրդը պահելու համար հայրենիքի մէջ: Ան շեշտեց, թէ նորաստեղծ ընկերութիւններու ջանքերով բնակչութեան աճ կ՛ապահովուի:
Նախարարը նաեւ յայտնեց, թէ նոյնիսկ զարգացած երկիրներ իրենց պաշտօնեաները կ՛ուղարկեն արտասահման, որպէսզի սորվին տարբեր տեսակի աշխատաձեւեր եւ վերադառնան նոր հաւատքով եւ յոյս ներշնչելով՝ շարունակելու իրենց արտադրութիւնները:
Նախարարի ելոյթին աւարտին տեղի ունեցան կարգ մը թելադրութիւններ եւ հարցումներ, որոնց գոհացուցիչ կերպով պատասխանեց ան:
Օրինակ, հարցուեցաւ. «Պատրաստ է՞ք աշխատելու ուրիշ նախարարութիւններու հետ, ինչպիսին են՝ կրթական, տնտեսական եւ առողջապահական», «Մեր համակարգը պատրաս՞տ է ուսանողական յառաջադէմ անձեր պատրաստելու», «Ապակեդրոնացում ունի՞նք»։
Իր պատասխաններուն մէջ նախարարը շեշտեց հետեւեալները.
– Նորաստեղծ ընկերութիւնները պէտք է տուրքերէ զերծ պահել.
– Կառավարութիւնը պէտք է պատշաճ կրթութիւն տայ նոյնիսկ տարեցներուն.
– Լաւ միջավայր ու շրջապատ պէտք է ստեղծենք, որպէսզի բնակչութիւնը հասնի հինգ միլիոնի.
– Զարգացնել Երեւանէն հեռու տարբեր քաղաքները եւ շրջանները, ուր կան մատչելի ուտեստեղէն եւ աշխատելու հսկայական դիւրութիւններ։
Նախարարին յայտնութեամբ՝ ինք ունի վեց պաշտօններ, երեքը՝ բարձր ճարտարարուեստի մէջ, իսկ երեքը՝ հաղորդակցութեան:
Նախարար Յակոբ Արշակեան հանդիսութիւնը փակեց հետեւեալ խօսքերով. «Եկեք միացնենք արտասահմանի գործատէրերը Երեւանի հետ. կը տեսնենք հսկայական յառաջդիմութիւն մեր երկրին մէջ: Ամէն մէկ անհատ իր ներդրումը պիտի ունենայ ժողովուրդին զարգացման մէջ»: