ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ըստ քրտական լրատուամիջոցներու՝ Թուրքիա կեղծ տեսանիւթեր կը տարածէ՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ապստամբներուն դէմ իրականացուող նորագոյն ռազմական գործողութենէն տեսարաններ:
«Թուրքիոյ զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը թրքական լրատուամիջոցներուն կը փոխանցէ ոչ թէ իրական, այլ համակարգչային խաղերու տեսանիւթեր եւ զանոնք կը ներկայացնէ՝ իբրեւ իրականութիւն: Տեսանիւթերը առնուած են հանրայայտ համակարգչային խաղերէ, ինչպէս՝ «Arma 3»ն եւ «Medal Of Honor»ը: Սակայն, տեսանիւթ մը դիտելու ընթացքին պարզուած է, որ ուղղաթիռները անբնական կերպով վայրէջք կը կատարեն», կը գրէ «Ահուալ» լրատուամիջոցը:
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ թրքական քարոզչութիւնը նպատակ ունի հանրութիւնը մոլորեցնել եւ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Թուրքիոյ զինուորական ուժերը հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներու դէմ լայնատարած զինուորական գործողութիւններ կ՛իրականացնեն, եւ թէ ռազմական արդիական ուղղաթիռներուն դէմ քիւրտ զինեալները պայքարելու ի զօրու չեն: Այդ քարոզչութեան լծուած են յատկապէս թրքական իշխանամէտ լրատուամիջոցները: