ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ներկայացնող պոլսահայ պատգամաւոր Մարգար Եսայեան վրդովուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Միացեալ Նահանգներու յունական կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով սկսած՝ Պոլիսը Կոստանդնուպոլիս դարձնելու արշաւէն։
Եսայեան անդրադարձած է Հայ Դատի «Թուիթըր»ի էջին վրայ հրապարակուած Այասոֆիայի լուսանկարին, որուն շուրջ կ՛երեւին Հայաստանի եւ Յունաստանի պետական դրօշակները, իսկ լուսանկարին վերը գրուած է. «Պոլիսը կրկին Կոստանդնուպոլիս դարձնենք»։
«Պոլիսը (Իսթանպուլ) յաւէրժ պիտի մնայ: Սուլթան Մեհմետ Նուաճողը Պոլիսը գրաւելէ ետք, բիւզանդական ճնշումներու փոխարէն, 1461ին հիմնեց Հայոց պատրիարքութիւնը», գրած է Եսայեան։
Գրառման պատասխանած են նաեւ թուրքեր, իրենց գրութեանց կցելով սուլթան Մեհմետի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի լուսանկարները: