ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը կը տեղեկացնէ, թէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Լոս Անճելըսէն Երուսաղէմ ուխտագնացութեան մը մասնակցած Յարութիւն Այվազեան 600,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց պատրիարքութեան՝ դրուատելով համայն քրիստոնէութեան կեդրոնին մէջ այդ աթոռին ունեցած դերակատարութիւնը եւ յոյժ կարեւոր համարեց անոր առաքելութիւնը։
Նուիրատուն խնդրած է, որ գումարին մէկ մասը տրամադրուի Երուսաղէմի Քաթամոն շրջանին մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ նորոգութեան։
Յարութիւն Այվազեան ծնած է Իրաք եւ 1968ին հաստատուած է Քալիֆորնիա, ուր մասնագիտացած է քիմիագիտութեան մէջ, սակայն աւելի ուշ նետուած է կալուածներու առուծախի ասպարէզին մէջ, յատկանշական յաջողութեանց հասնելով։
Այս առիթով, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուին։