ՊԷՅՐՈՒԹ.- 10-20 Ապրիլին, Երեւանի «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցան արուեստի «Վերածնունդ» միջազգային մրցaում-փառատօնի լսումները, որոնց «Լարային գործիքներ» դասակարգին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի Լիբանանի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն 10ամեայ Սելա Սվաքճեան եւ տիրացաւ միջազգային մրցանքի 2րդ դիրքին:
Ան կազմակերպիչներուն որոշումով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու Սպանիոյ Պուրկոս քաղաքին մէջ 8-19 Յուլիսին տեղի ունենալիք միջազգային մրցումին եւ վարպետութեան դասերուն:
Յիշեցնենք, որ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը՝ ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, լարային գործիքներու կիթառի համոյթային խումբերու դասակարգին մէջ գրաւած էր առաջին դիրքը: