ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ պաշտպանութեան տակ դրուելու արժանի պատմական կառոյց նկատուած Տիգրանակերտի պարիսպներուն մօտ թրքական ընկերութեան մը կողմէ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ քանդուած է պարիսպներուն մէկ մասը, կը հաղորդէ «Մեսոփոթամիա» լրատու գործակալութիւնը:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ գտնուող այս պատմական պարիսպները կը շարունակեն մեծ վնասներ կրել «Տիգրիսի հովիտ» կոչուող այգիին շինարարութեան իբրեւ արդիւնք: Թուրքիոյ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ իրականացուող այս ծրագիրը շրջանին մէջ մեծ դժգոհութիւններու պատճառ դարձած էր եւ քննադատուած է նաեւ վերջերս շրջանը այցելած ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէկ պատուիրակութեան կողմէ, որ նշած էր, թէ այս ծրագիրը մեծ վնաս կը հասցնէ տարածաշրջանի բնապահպանական համակարգին։ Այդ քննադատութեան իբրեւ արդիւնք՝ շինարարութիւնը որոշ ժամանակով դադրեցուած էր, սակայն տեղական վերջին ընտրութիւններէն ետք շինարարութիւնը վերսկսած էր։